Գանատայի Մէջ ՀՀ Դեսպանը Հանդիպած է Գանատա-Հայաստան Բարեկամութեան Խումբի Անդամներուն
Հետ։
Գանատայի Խորհրդարանին մէջ Նոյեմբեր 15ին տեղի ունեցած է անդրանիկ հանդիպումը ՀՀ դեսպան
Արմէն Եկանեանի եւ վերստին կազմաւորուած Գանատա-Հայաստան բարեկամութեան խումբի անդամներու
միջեւ: Խումբին մաս կը կազմեն 18 պատգամաւորներ` Գանատայի Պահպանողական (իշխող), Ազատական
եւ Նոր Ժողովրդավարական կուսակցութիւններէն: Դեսպանը ներկայացուցած է ՀՀ արտաքին քաղաքականութեան
հիմնական ուղղութիւնները եւ արդի մարտահրաւէրները: Կողմերը կարեւոր համարած են հայ-գանատական
բարեկամութեան ամրապնդման, մասնաւորապէս` միջ-խորհրդարանական համագործակցութեան զարգացման
հարցերը: Դեսպանը երախտագիտութիւն յայտնած է պատգամաւորներուն Գանատայի Խորհրդարանի կողմէ
Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման համար: