2011-11-15 12:50:47

Սրբազան Քահանայապետին Պենին Կատարելիք Առաքելական Ճամբորդութեան Առթիւ Ռատիովատիկանը Կը Հրատարակէ Երաժշտական CD (խտացեալ սկաւառակ) մը։


<<Ափրիկէ հաշտուէ>> խորագրով խտացեալ սկաւառակ մը լոյս տեսած է Ռատիովատիկանի նախաձեռնութեամբ, ի տես՝ Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի 18-20 նոյեմբեր Պենին կատարելիք առաքելական ճամբորդութեան։ Խտացեալ սկաւառակի իրագործման օժանդակած են, նշանաւոր ափրիկեցի երաժիշտներ, ինչպէս Գոնկոլացի՝ Բաբա Ուէմպան, Անկոլացի Պոնկան եւ Կինէացի ֆիֆիդոն որ է նաեւ Ռատիովատիկանի մեր աշխատակիցը։
<<Աֆրիքա Թէնտա ամանի>> որ գիշուալի լեզուով կը նշանակէ <<Ափրիկէ հաշտուէ >> սկաւառակը որպէս նուէր պիտի յանձնուի ափրիկեցի եպիսկոպոսներուն ու կաթողիկէ հաստատութիւններուն։ Սկաւառակի մէջ, զանազան լեզուներով արձանագրուած երգերը ` կը ներկայացնեն ափրիկեցի ժողովուրդներուն խաղաղութեան, հաշտութեան եւ արդարութեան ձգտումները։
Վատիկանի Ձայնասփիւռի ընդհանուր տնօրէն՝ Հայր ֆետերիքօ Լոմպարտիի յայտարարութեամբ, ՜՜այս խտացեալ սկաւառակը, կը նպաստէ դրականօրէն պատշաճեցնելու աւետարանի մշակոյթը Աերիկեան ցամաքամասի մէջ, այնպէս ինչպէս յոյս յատնած էր, Պենետիկտոս ԺԶ . 2009-ին՝ Գամերուն կատարած առաքեալական այցելութեան ընթացքին։








All the contents on this site are copyrighted ©.