Երկուշաբթի 14 նոյեմբերին, Պիէլորուսիոյ Նախագահը՝ Ալեքսանտր Լուքաշէնքոն հանդիպում ունենալով
Քրիստոնեաներու Միութեան Քահանայապետական Խորհուրդի Նախագահ՝ Կարտինալ Գիւրտ Գոխի հետ,
յայտնած է անոր իր մտավախութիւնը եւրոմիութեան եւ միացեալ նահանգներու Պիէլորուսիոյ հանդէպ
ունեցած քաղաքական մօտեցումին, զայն որակելով << անկանոն>> եւ այս ուղղութեամբ կոչ ուղղած
է Սուրբ Աթոռին որպէսզի միջամտէ, պաշտպանելով՝ արդարութեան ընթացքը ։ Նշենք որ Պիէլորուսիոյ
եւ Արեւմուտքի միջեւ յարաբերութիւնները, վատթարացան 2010 դեկտեմբերի նախագահական ընտրութիւններէն
ետք, ու ցուցարարները զսպելու միտումով ուժի դիմելէ ետք։ Նշենք նաեւ որ Ալէքսանտր Լուքաշէնքոն
1994-էն ի վեր կը կառավարէ Պիէլորուսիան։