Մոնրէալի Մէջ Մեկնարկած «Հայաստան» Հիմնադրամի Հանգանակութիւնը։
Մոնրէալի մէջ Նոյեմբեր 12ին մեկնարկած է “Հայաստան” համահայկական հիմնադրամի աւանդական
տարեկան հանգանակութիւնը: Գանատայի մէջ Հայաստանի դեսպանութեան հովանիի տակ կազմակերպուած
ձեռնարկին ներկայ եղած են հայ համայնքային կառոյցներու ղեկավարները եւ վեհանձն բարերարներ։
Գանատայի մէջ ՀՀ դեսպան Արմէն Եկանեան երախտագիտութիւն յայտնած է ներկաներուն եւ
ըսած “Ձեր բոլորի մասնակցութիւնը կարեւոր է որքան նիւթական, նոյնքան ալ բարոյական առումով:
Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի համատեղ ջանքերով միայն հնարաւոր պիտի ըլլայ յաղթահարել
պատմութեան ներկայ փուլին հայ ժողովուրդի առջեւ ծառացած մարտահրաւէրներն ու անլուծելի
նկատուող խնդիրները”: