Խաղաղութեան Միջ -Եկեղեցական Խորհուրդի Pax Christi-ի Ղեկավարը Արցախ Այցելած։
ԼՂՀ Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեան Նոյեմբեր 14ին ընդունած է «Խաղաղութեան միջեկեղեցական
խորհուրդ (IKV PAX CHRISTI) հոլանտական կազմակերպութեան տնօրէն Ֆրիք Լենտմեթըրի գլխաւորած
պատուիրակութիւնը: Լենտմեթըր հաղորդած է, որ իր տնօրինած կազմակերպութիւնը, յանուն
խաղաղութեան՝ մեծագագոյն շարժումն է Հոլանտայի մէջ եւ ունի իր համախոհները տարբեր երկիրներու
մէջ, ինչպէս նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ: Կազմակերպութեան նպատակն է օգնել տարբեր
երկիրներու մէջ հանրային հատուածի կայացման ու զարգացման, իշխանութիւններու եւ ոչ-կառավարական
կառոյցներու հետ շփումներու միջոցով աջակցիլ առկայ հակամարտութիւններու խաղաղ լուծման,
կայուն խաղաղութեան հաստատման ու ժողովրդավարական հասարակութիւններու կառուցման: