2011-11-15 12:18:37

2001-ը ՀԱՅ ՄԱՆՈՒԿԻ ՏԱՐԻ՝ Հռչակուած Արամ Ա.ին Վեհափառի Կողմէ։
՝՝ՄԵԾ ԸԼԼԱԼՈՒ ԿՈՉՈՒՄԸ՝՝։


“Յիսուսի Աշակերտները սկսան վիճաբանիլ թէ իրենցմէ ո՞վ է մեծը: Յիսուս գիտնալով անոնց մտածումը, մանուկ մը առաւ եւ իր քով կանգնեցնելով` ըսաւ. ՝՝Ով որ ընդունի այս մանուկը իմ անունովս` զիս ընդունած կ՛ըլլայ, եւ ով որ զիս կ՛ընդունի` ընդունած կ՛ըլլայ զիս ղրկողը: Որովհետեւ ով որ ձեր բոլորին մէջ փոքրիկն է, ան է մեծը” (Ղկ 9.46-48):

Մեծութիւնը` Առաքինութիւն մը, որ իր մէջ կը բովանդակէ այնքան վեհ ու սքանչելի նկարագիր, որուն արժանի դառնալու համար, մարդ արարած իր կեանքը կը թրծէ ու ի գործ դնէ ճիշդ հակառակ պատկերը գոյացնելով ու փոքր ըլլալու, բոլորին ծառան դառնալու նկարագիրը ունենալով:
Ճշմարիտ մեծութիւնը Աստուծմէ տրուած մեծութիւնն է: Արդար փառքը Աստուծոյ կողմէ փառաւորուիլ եւ Աստուծոյ աչքին փառաւոր ըլլալն է: Աստուծոյ փառքին արժանի կը դառնանք, երբ զԱստուած կը փառաւորենք մեր կեանքով ու գործով: Աստուծոյ կողմէ տրուած մեծութեան արժանի կը դառնանք երբ կը մեծարենք զԱստուած, Իր Սուրբ Աւետարանի փոխանցած ճշմարիտ մեծութիւնը հասկցած կ՛ըլլանք ու զայն կը թարգմանենք մեր կեանքով:

Մեծութիւնը շնորհք մըն է, որ միայն Աստուծմէ կու գայ, սակայն մարդուն գործով ու վերաբերմունքով: Իսկական մեծութիւնը ունի իր պայմանն ու գրաւականը, որն է խոնարհութիւնը, առաքինի կեանք ունենալը, ծառայական ոգիով լեցուիլը ու ծառայութեան պատրաստակամութեան յանձնառութիւնը։
Հայ ժողովուրդը ունեցած է իր Մեծ ռահվիրաները, որոնց շնորհիւ մեր ազգային թէ եկեղեցական կառոյցները կանգուն ու զօրաւոր մնացած են ու կը մնան մինչեւ այսօր: Անոնք կը ներշնչեն ներկայ սերունդը, որպէսզի անոնք եւս փորձեն ընթանալ այն ճանապարհէն, ուրկէ ընթացան մեծերը:
Քրիստոսի մէջ մարմնաւորուած կը գտնենք իսկական մեծութիւնը: Լաւագոյն օրինակը հանդիսանալով մեծութեան, այսօր մենք բոլորս հրաւիրուած ենք այդ նոյն մեծութեան տիրանալու, սակայն նախ եւ առաջ բոլորին ծառան դառնալով, մարդոց մէջ յետինը ըլլալով, որպէսզի նախ Աստուծոյ կողմէ մեծարուինք ու ապա մարդիկ ալ տեսնելով մեր խոնարհութիւնը` մեծարեն մեզ:
Այս տեսակ մեծարանքն է որ կը մնայ յաւիտեան ու այս է ճշմարիտ կոչումը մեծութեան,որուն պէտք է գիտակցի նաեւ Հայ Մանուկը որ պիտի ըլլայ՝ ապագայի Հայ Չափահասը:








All the contents on this site are copyrighted ©.