Երկուշաբթի 14 նոյեմբեր 2012-ի՝ յետ միջօրէին, Վատիկանի Ձայնասփիւռի Մարքոնիի անուան
սրահին մէջ տեղի կ՛ունենայ <<Ափրիկէի Կաթողիկեները>> խորագրով գիրքի ներկայացումը, ի
տես Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին յառաջիկայ 18-20 Պենին Կատարելիք առաքեալական
ճամբորդութեան։
Միացեալ Նահանգներու Եպիսկոպոսական Համահաւաք Դասը իր աշնանային
լիանիստ ժողովը կը գումարէ Պալթիմորի մէջ 14-16 Նոյեմբեր։ Ժողովը պիտի գլխաւորէ Նիւ Եորքի
Արքեպիսկոպոսը՝ Թիմոթի Տոլան որ վերջերս Միացեալ Նահանգներու եպիսկոպոսական համահաւաք
դասի նախագահ ընտրուած է։ Նիստերուն կը մասնակցի նաեւ Ուաշինկթընի մօտ առաքելական դեսպան՝
Գերապայածառ Գարլօ Մարիա Վիակնոն։