2011-11-14 12:15:25

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի Կիրակնօրեայ Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան Աղօթքը


Կիրակի 13 նոյեմբեր 2012-ի կէսօրին՝ Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակի պատշգամէն Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը արտասանեց, Սուրբ Պետրոսի հրապարակը համախմբուած հոծ բազմութեան ներկայութեամբ։
Մարեմեան աղօթքէն առաջ, Սրբազան հայրը խորհրդածութիւն մը կատարեց օրուան Սուրբ գրային ընթերցումներուն մասին, ուր կը խօսուի վերջին դատաստանի մասին։
Սրբազան Քահանայապետը մեկնաբանեց Մատթէոս աւետարանիչէն առնուած (Մատթ. 25, 14-30) Քանքարներու առակը ուր կը պատմուի, այն մարդուն մասին՝ որ օտար երկիր պիտի երթար ու չմեկնած իր ծառաներուն կը յանձնէ իր ինչքերը։ Իր վերադարձին անոնցմէ հաշիւ կը պահանջէ ու երբ կ՛իմանայ թէ անոնցմէ մէկը չէր շահագործած այն քանքարը որ իրեն յանձնուած էր զինք դուրս վտարեց իր տունէն հաստատելով որ <<ունեցողին պիտի տրուի իսկ չունեցողէն ունեցածն ալ պիտի առնուի։>>
Այս առակով - ըսաւ Նորին Սրբութիւնը - Յիսուս իր աշակերտներուն կ՛ուզէ սորվեցնել որ բարի կերպով օգտագործեն իր պարգեւած շնորհքները յաւիտենական կեանքի յոյսով։ Սրբազան Հայրը ապա մատնանշեց ողորմութեան կարեւորութիւնը, որ է՝ - ըսաւ Ան- ամենամեծ պարգեւը. ու հարց տուաւ <<եթէ Յիսուս մեզ սիրեց մինչեւ խաչին վրայ իր կեանքը զոհելով ինչպէ՞ս չսիրենք մենք զԱստուած մեր բոլոր էութեամբ ու չսիրենք ուրիշները մեր անձին նման>>. Սրբազան Հայրը հաստատեց ՜՜միայն ողորմութեամբ է որ մենք եւս պիտի կարենանք մաս կազմել Տիրոջ խրախճանքին՝՝։ Թող Տիրամայրը ըլլայ մեզի ապաւէն ու դաստիարակ ու առաջնորդէ մեր քայլերը դէպի Աստուած - ըսաւ Սրբազան Հայրը եզրափակելով խորհրդածութիւնը։

Պենետիկտոս ԺԶ ապա զանազան լեզուներով ողջունեց ներկաները ակնարկելով Պենին կատարելիք իր առաքելական ճամբորդութեան. հուսկ՝ մաղթելով բոլորին բարի կիրակի ու բարի շաբաթ մը տուաւ իր առաքելական օրհնութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.