2011-11-14 13:19:30

Հայ Վարպետի Պատրաստած Զգեստով ՝ Թուրքիոյ Նախագահը Ապտուլլահ Կիւլ Պիտի Այցելէ Անգլիոյ Էլիզապէթ Երկրորդ Թագուհիին։


Թուրքիոյ նախագահ Ապտուլլահ Կիւլ իր տիկնոջ` Հայրիւնիսա Կիւլի հետ միասին Մեծն Պրիտանիոյ Թագուհի Էլիզապէթ Երկրորդի հրաւէրով Նոյեմբեր 22-24 պիտի երթան Լոնտոն:
Ըստ թրքական “Ռատիքալ” օրաթերթին՝Ապտուլլահ Կիւլ Լոնտոնեան իր այս այցի առիթով՝ Պոլսահայ դերձակի մը մօտ յատուկ զգեստ մը ապսպրած է:
Անցեալ տարի Սթրազպուրկ կատարած այցին ժամանակ, որուն ընթացքին Թուրքիոյ առաջին տիկինը Հայրիւնիւսա Կիւլ ելոյթով հանդէս եկած էր Եւրոպայի Խորհուրդի Խորհրդարանական Վեհաժողովին, կը կրէր Պոլսահայ հանրածանօթ ոսկերիչ Սեւան Պըչաքչըի պատրաստած մատանին: Երբ լրագրողները հետաքրքրուած էին Հայրիւնիւսա Կիւլի հիասքանչ մատանիով, Թուրքիոյ առաջին տիկինը հպարտութեամբ ըսած էր, որ զայն պատրաստած է Հայ վարպետ մը։
“Մեր մօտ արհեստաւորները Հայերն են ու Յոյները : Ատիկա մեր բազմազանութիւնն է, եւ մեր գեղեցկութիւնը... Աշխարհի մէջ չկայ մէկը, որ չճանչնայ Սեւանը: Յատկապէս արտասահմանեան ուղեւորութիւններու ժամանակ,ես կը կրեմ այս մատանին”,(ըսած էր Հայրունիսա Կիւլ) :








All the contents on this site are copyrighted ©.