2011-11-14 12:33:25

՜՜Հայ Գիրքին Տեղը Հայ Ընտանիքն է՝՝


ըսաւ Արամ Ա. Հռչակելով 2012 Տարին Հայ Ժողովուրդին համար՜՜Հայ Գիրքի Տարի՝՝ ։
Կիրակի, 13 նոյեմբեր 2011-ին, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարին մէջ մատուցուած Ս. պատարագէն անմիջապէս ետք, միաբան հայրերէ եւ դպրեվանքի սաներէ կազմուած թափօրը յառաջացաւ կաթողիկոսարանի շրջափակը, ուր Արամ Ա. կաթողիկոսի ձեռամբ կատարուեցաւ պաշտօնական բացման հանդիսութիւնը կաթողիկոսարանին կողմէ կազմակերպուած՝ ՜՜ Հայ գիրքի 33-րդ ցուցահանդէսին՝՝:
Ներկայ էին մեծ թիւով մշակութասէր բազմութիւն մը որոնց իր հայրապետական պատգամը փոխանցելով` Արամ Ա. կաթողիկոս վեր առաւ ՜՜մեր հաւաքական կեանքին մէջ հայ գիրքին դրական ներկայութիւնը եւ կարեւորութիւնը՝՝:
Վեհափառը հայ գիրքին իսկական տեղը նկատեց հայ ընտանիքը, որ «կոչուած է պահապանն ու տարածիչը ըլլալու հայ գիրքին», լայնօրէն անդրադառնալով հայ ընտանիքին առողջ պահպանման, յիշեց, թէ այլ առիթներով բազմիցս շեշտած է անոր կարեւորութիւնը հայ ազգի գոյատեւման իմաստով: Այսօր, սակայն, Ըսաւ Արամ Ա. հայ ընտանիքը եւս ունի կարեւոր դերակատարութիւնը հայ գիրքին նկատմամբ, «Հայ գիրքին տեղը հայ ընտանիքն է»:
Վեհափառը խօսելով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան կողմէ հաստատուած հայ գիրքի ցուցահանդէսներու շղթային մասին, ըսաւ, թէ անոր «33-րդը կու գայ հաստատելու մեր Ս. աթոռին նախանձախնդրութիւնը հայ գիրին ու գիրքին նկատմամբ: Սիրտս ուրախութեամբ կը լեցուի, երբ կը լսեմ կամ կը տեսնեմ, որ հայ ծնողներ իրենց զաւակներուն ձեռքէն բռնած մայրավանք կու գան ու հայ գիրք կ՛առնեն: Կ՛ուրախանամ, երբ կը լսեմ կամ կը տեսնեմ, որ հայ դպրոցներու աշակերտներ խմբովին այստեղ կու գան ու իրենց փոքրիկ լումաները տալով հայ գիրք կը գնեն, ու իրենց ծնողներուն կը տանին»:
Արամ Ա. կարեւորեց հայ տուներուն մէջ գրադարան ունենալու երեւոյթը, մաղթելով որ հայերը «հայ գիրքը տեսնելով կշտանան »: Անդրադառնալով հայերէն լեզուի ու մանաւանդ արեւմտահայերէնին խօսեցաւ համագումարին մասին որ տեղի ունեցաւ վերջերս եւ որուն իբրեւ բնական հետեւութիւն, որոշուած է կազմել «Արեւմտահայերէնի պաշտպան խորհուրդ» մը, հովանաւորութեամբ՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ աթոռին եւ մասնակցութեամբ սփիւռքահայ մասնագէտներու:
Նշելով որ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ն որոշած է 2012-ին գիրքի միջազգային մայրաքաղաք կոչել Հայաստանի մայրաքաղաք Երեւանը, Արամ Ա. ըսաւ, թէ Հայրապետական գիրով 2012 տարին կը հռչակէ «Հայ գիրքի տարի»: Հուսկ՝ բացուած յայտարարեց Հայ գիրքի համասփիւռքեան ցուցահանդէսը: Ապա, ներկայ մշակութասէր բազմութիւնը մօտեցաւ հին թէ նոր հրատարակութիւններուն, որոնք սփիւռքի զանազան թեմերու մէջ հրատարակուած հատորներ են, ինչպէս նաեւ անհատ հեղինակներու լոյս ընծայած գիրքեր:








All the contents on this site are copyrighted ©.