2011-11-12 11:49:09

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին Պէնին Կատարելիք Առաքելական Այցելութեան Մասին Մամլոյ Ասուլիս։


Երկուշաբթի 14 նոյեմբեր 2011-ի առաւօտեան ժամը 11.30-ին, Վատիկանի մամլոյ գրասենեակի՝ ՅՊԲ.ի անուան սրահին մէջ, Սուրբ Աթոռի Բանբերը՝ Հայր ֆետերիքօ Լոմպարտին, մամլոյ ասուլիսի ընթացքին պիտի ներկայացնեէ Պենետկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին 18-20 նոյեմբեր Պենին Կատարելիք առաքելական ճամբորդութիւնը։ Այս ճամբորդութեան ընթաքցին Պենետիկտոս ԺԶ, Ափրիկէի եկեղեցւոյ պիտի յանձնէ` Ափրիկեան ցամացամասի ի սպաս 2009-ին գումարուած եպիսկոպոսական սիւնհոդոսի արդիւնք հանդիսացած ՜՜ Առաքեալական Յորդորագիրը՝՝ որը Նորին Սրբութիւնը հանդիսաւոր կերպով պիտի ստորագրէ, 19 նոյեմբերին Պենինի մայր՝ Ս. Կոյս Մարիամի Անարատ Յղութեան աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.