2011-11-12 12:17:45

Իրանի Ս. Ստեփանոս Նախավկայ Վանքի Զանգերը Դարձեալ Ղօղանջեցին.


8–րդ դարու Հայ ճարտարապետական կառոյցներէն՝ Ս. Ստեփանոս Նախավկայի վանքը, կը գտնուի Իրանի Արեւելեան Ատրպատական նահանգի մէջ, Ջուլֆա քաղաքէն 12 քմ. հեռաւորութեան վրայ՝ մօտակայքը Արաքս գետի հարաւային ափին գտնուող այժմ լքուած Դարաշամբ գիւղի, որուն միւս ափին գտնւող Նախիջեւանի մէջ, 2005 թուականին վայրագութեամբ ոչնչացուեցան հազարաւոր հայկական մշակութային կոթողներ ու խաչքարեր։
Հարկ է նշել, որ վանքային այս համալիրը 2008 թուականին գրանցուեցաւ ՈՒՆԵՍՔՕ-ի ցանկին մէջ։
Վանքը բծախնդիր հոգատարութեամբ կը վերանորոգուի եւ կը պահպանուի իրանահայ համայնքի եւ Իրանի պետութեան կողմէ։Առ այդ, Հայաստանէն հրաւիրուեցան ճարտարապետներ՝ Ամիրա Բադիշեան ու Տիգրան Թանամեան։ Երկու վարպետներու բծախնդիր, միաժամանակ սեղմ ու վարպետական աշխատասիրութեան շնորհիւ, չորս ամիսներու ընթացքին աւարին հասաւ ծաւալուն աշխատանքը,եւ 2011 թուականի Նոյեմբեր 6ին երկար լռութենէ մը ետք ղօղանջեցին Ս. Ստեփանոս Նախավկայի պատմական վանքի զանգերն ու օրհնուեցաւ Զանգակատունը։
Ս. Ստեփանոս Նախավկայի վանքը 8–րդ դարու կառոյց է, սակայն մինչեւ 18–րդ դար, մի քանի անգամ վերանորոգուած է։ Ս. Ստեփանոս Նախավկայի վանքի զանգակատան վերանորոգման աշխատանքը կատարուած է Իրանի Մշակութային Ժառանգութեան կազմակերպութեան «Իրանի պատմական եկեղեցիներու կեդրոն»–ի պատասխանատու տնօրէն՝ ճրտպ. Շերլի Աւետեանի հսկողութեան ներքոյ։ Զանգակատան վերականգնումի նիւթական ծախսերը հոգացած են վերանշեալ նոյն կազմակերպութիւնը եւ «Արաքսի Առեւտրական Ազատ Գօտի» տնօրինութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.