2011-11-12 11:49:25

Եգիպտոսի Մէջ Քրիստոնեաներու Արեւանագումներու Ալիք Որպէս Միջոց Հարստանալու .


Ղպտիները կը դառնան զոհերը կամայական կառավարութեան մը։
''Սպառնալիքի տակ ապրող ժողովուրդներ'' Գերմանական ընկերակցութիւնը կը յայտնէ որ Եգիպտոսի քրիստոնեաները միշտ աւելի թիրախ են արեւանգումին։ Էլ Մինա մարզին մէջ, որ կը գտնուի Գահիրէի հարաւը, հոկտեմբեր ամսոյն մէջ 12 քրիստոնեաներ արեւանգուած են, եւ որպէս փրկագին պահանջուած է աւելի քան 30 հազար Եւրօ։ ''Սպառնալիքի տակ ապրող ժողովուրդներ'' Գերմանական ընկերակցութիւնը կը դատապարտէ Եգիպտոսի զինուորական կառավարութիւնը, որ միշտ աշխատած է խեղաթիւրել ճշմարտութիւնը, յանցանքը վերագրելով ղպտիներուն, ծածկելու համար իր անկարողութիւնը, եւ այդ պատճառաւ ալ Եգիպտոսի քրիստոնեաները իրենք զիրենք պաշտպանուած չեն զգար։








All the contents on this site are copyrighted ©.