2011-11-11 13:30:58

Քանդակագործ Սարգիս Թօսունեանի «Անցեալ, Ներկայ եւ Ապագայ» Խորագրով Ցուցահանդէսը Եգիպտոսի Մէջ։


«Անցեալ, ներկայ եւ ապագայ», այսպէս վերնագրած է քանդակագործ Սարգիս Թօսունեան իր ցուցահանդէսը, որուն բացումը տեղի պիտի ունենայ Շաբաթ Նոյեմբեր 12-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Աղեքսանդրիոյ Աթըլիէյին մէջ :
Այս ցուցահանդէսը արուեստագէտի 15-րդ անհատական ցուցահանդէսը պիտի դառնայ: «Ես հայ եմ, այո', բայց նաեւ աղեքսանդրիացի արուեստագէտ եմ, իմ գործերուս մէջ ներկայ է ծովի հովն ու հոտը, քանդակները կարծես ալիքներու երանգներ ունին», կ'ըսէ Թօսունեան:
Քանդակագործի նախորդ անհատական ցուցահանդէսը 2008-ին Աղեքսադնդրիոյ մէջ տեղի ունեցած էր, Ռուսական կեդրրոնին մէջ, իսկ Գահիրէ 2010-ին Եգիպտացի 2 արուեստագէտներու հետ միատեղ: Թօսունեան մասնակցած է խմբային մօտ 120 ցուցադրութիւններու, նաև Եգիպտոսի այլ քաղաքներու մէջ` Մանսուրա, Փորթ-Սաիտ, Իսմաիլիա ևայլն: Միջազգային մակարդակով, 1996ին մասնակցած է Կիպրոս, 2003ին Իտալիա, 2004ին Ճաբոն, 2005ին Սուտան, 2006ին Ռումանիա, 2007ին Միջերկրական Ծովի երկիրներու, իսկ 2008ին Ֆրանսա տեղի ունեցած ցուցահանդէսներու:
Քանդակագործ Սարգիս Թօսունեան Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատան 22 Սեպտեմբերին կազմակերպած պաշտօնական ընդունելութեան ընթացքին, Դեսպան Մելքոնեանի ձեռամբ պատուագիր ստացաւ ՀՀ Մշակոյթի Նախարարին կողմէ` «հայ մշակոյթի զարգացման եւ հանրահռչակման գործին մէջ իրեն ունեցած նշանակալից աւանդին համար»:
Թօսունեան ծնած է 1953ին, Աղեքսանդրիա:








All the contents on this site are copyrighted ©.