2011-11-11 13:30:19

Ռատիօ Վատիկանի Հիմնադրութեան 80ամեակի Առթիւ՝ Ճանչնանք Ռատիօ Վատիկանի Յայտագիրները։
Այսօր կը խօսինք Սքանտինաւեան յայտագիրը։


Սքանտինաւ երկիրներու Շուէտական, Դանիական եւ նորվեկեան լեզուներու յայտագիրներու փորձի շրջանը, Ռատիովատիկանի մէջ սկիզբ կ՛առնէ 1953-ին, Գերմանական յայտագրի պատասխանատու՝ Հայր Էմիլ Շմիտի նախաձեռնութեամբ, ու յայտագիրները ապա 1954-ին կը դառնան վերջնական։
Սկզբնական շրջաններուն, յայտագիրները կ՛արձանագրուէին Շուէտի մէջ ու կը ղրկուէին Վատիկան որպէսզի սփռուէին Վատիկանի Ռատիոյի կայաններէն։ Միայն 1968ին է որ սկիզբ կ՛առնէ յատագիրներու սփռումը ռատիովատիկանի գրասենեակներէն, թէեւ լուրերու մեծ մասը կը շարունակէին հասնիլ Շուէտի մէջ ապրող ու գործող քահանաներէն։
1975-ին՝ Սքանտինաւ յայտագիրը կը բաժնուի գերմանական յայտագիրէն ու զատէն խմբագրութիւն մը կը դառնայ, ունենալով որպէս Խմբագրապետ Յիսուսեան միաբան Հայր Լարս Րուդը։ Այս 60 տարուայ սփռումներու ընթացքին յայտագիրը շաբաթական 15 վայրկեան տեւողութեամբ՝ դարձաւ ամէնօրեայ 20 վայրկեան տեւող հաղորդում։
Սքանտինաւեան լեզուներու յատագիրներու առանձնայատկութիւնը այն է որ 3 լեզուներով սփռումներ ունի, ու յաճախ դժուարութիւն կայ խմբագիրներ հայթայթելու այս ուղղութեամբ, առ այդ՝ շատ անգամ այս գործը յանձնուեցաւ նորընծաներուն որոնք ուսում ստանալու համար Հռոմ կը գտնուին։
Ուրիշ յատկանշական իրողութիւն մըն ալ կայ, որ է՝ այս յայտագիրները կը սփռուին Լուտերական եւ վերանորոգուած եկեղեցւոյ պատկանող հաւատացեալներու ապրած երկիրը, ուստի հարկ կայ բացի Սրբազան Հօր ուսուցումները հաղորդելու գործէն նաեւ կարողութիւն ունենալ բացատրելու տիեզերական եկեղեցւոյ իրողութիւնը, որպէսզի աճի գիտակցութիւնը հանդէպ եկեղեցւոյ։ Միւս կողմէն յայտագիրը կը ջանայ ամուր կապերը պահել Սքանտինաւ երկիրներու մէջ ապրող փոքրաթիւ կաթողիկէ հաւատացեալներուն ու Վատիկանի միջեւ։ Դեր մը որ յայտագրի խմբագրութիւնը ստանձնած է նաեւ Հռոմի մէջ երբ հանդիպումներ կը կազմակերպէ Հռոմ ժամանած զբօսաշրջիկներուն հետ անոնց հետ խօսելու Սրբազան Քահանայապետին, Վատիկանին, Եկեղեցւոյ ու Վատիկանի ձայնասփիւռի մասին։
Սքանտինաւ յայտագրին մաս կը կազմէ նաեւ ֆինլանտական լեզուով յայտագիրը որ ծնունդ առած է 70ական թուականներուն, երբ ֆինլանտացի հաւատացեալները փափաք յայտնած են ֆինլանտերէն լեզուով ունկնդրելլու Սուրբ Աթոռի լուրերը որոնք սկիզբ առին կանոնաւորապէս 1975-ին՝ Հայր Լարս Րուհի ջանքերով։
Առաջին շրջաններուն, շաբաթական 20 վայրկեան տեւողութեամբ յատագիր մըն էր որ 80ական թուականներուն դարձաւ 20 վարկեան տեւողութեամբ՝ շաբաթը 2 անգամ սփռուող յաատագիր մը , որ խիտ կապեր ունի նաեւ Լուտերական ժողովրդապետներու հետ ինչպէս նաեւ Օրթոտոքս քոյր եկեղեցւոյ հետ։








All the contents on this site are copyrighted ©.