2011-11-11 13:29:39

Իսրայէլի Կրօնապետարու Խորհուրդի Յայտարաարութիւնը Սրբազան Քահանայապետի Հետ Հանդիպումին Մասին


՜՜10 նոյեմբեր 2011-ի առաւօտեան Սրբազան Քահանայապետին հետ մեր ունեցած հանդիպումին, մենք Իսրայէլի Պետութեան Կրօնապետերս հանդիսաւորապէս կը յայտարարենք որ կը հաւատանք Աստուծոյ Տիեզերքի արարիչին որ բարեսէր է եւ ողորմած ու մեզ կը հրաւիրէ միասնաբար ապրելու խաղաղութեամբ եւ արժանապատութեամբ՝՝։ Այսպէս գրեցին Իսրայէլի Կրօնապետերու Խորհուրդի անդամները, Սրբազան Քահանայապետին հետ իրենց ունեցած հանդիպումի աւարտին հրատարակուած՝ յայտարարութեան մէջ։ Կրօնապետերը ապա գոհունակութիւն յայտնեցին սրբազան քահանայապետին շնորհած ունկնդրութեան, ու բարձր գնահատեցին անոր գործունէութիւնը խաղաղութեան ի սպաս։
Հուսկ անոնք նորոգեցին իրենց յանձնառումը ի խնդիր կեանքի սրբութեան, բռնութեան դէմ պայաքարին,մանաւանդ երբ այդ պայքարը կը մղուի կրօնքի մը անունով։ Պարտականութիւն ունինք - հաստատեցին կրօնապետերը - դաստիարակաելու մեր զաւակները որ մէկը միւսի հանդէպ յարգանք ունենայ։
Մենք մեր պապերէն ժառանգեցինք սուրբ վայրերը եւ պարտականութիւնը ունինք զանոնք պահպանելու ու սուրբ պահելու, ասիկա կ՛ընենք նաեւ Իսրայէլի օրէնսդրութեան համաձայն։
Մեր կրօնական ժառանգութիւնը մեզի կը սորվեցնէ թէ խաղաղութիւնը եւ ուղղամտութիւնը Բարձրեալին պատուիրաններն են, կ՝օրհնենք Անոր անունը ։
Մենք Կրօնապետերս պարտականութիւնը ունինք ուշադիր ըլլալու տկարներու աղաղակին եւ միասնաբար գործելու աւելի արդար ու հաւասար ընկերութեան մը կերտումին համար։ Կը նորոգենք մեր յանձնառումը աշխատելու այս ուղղութեամբ մանաւանդ Սուրբ Երկրի մէջ։
Մեր աղօթքները կը բարձրացնենք առ Աստուած, գոհութիւն մատուցելով Արարիչին որ առիթը տուաւ մեզի միասնաբար հաւաքուելու եւ համագործակցելու ու խաղաղութեան օրհնութիւն մը տանելու Իսրայէլի ժողովուրդին։ .








All the contents on this site are copyrighted ©.