2011-11-10 12:48:16

Սփիւռքի Նախարարութեան 2012ի Պիւտճէն Կը Կազմէ 712.200 Միլիոն Դրամ։


Նոյեմբեր 4ին ելեւմտական փոխնախարար Պաւել Սաֆարեան Ազգային ժողովին սփիւռքի, մշակոյթի, կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութիւններու 2012ի պիւտճէի քննարկման ընթացքին տեղեկացուց, որ գալիք տարուան պիւտճէին նախարարութեան պահպանման ծախսերը մնացած են նոյն մակարդակին: Ան տեղեկացուց, որ 2011ին սփիւռքի նախարարութեան պիւտճէն կազմած է 454 միլիոն դրամ, 2012ին` 496 միլիոն, որ առնչուած է համահայկական փառատօնի իրականացման ծախսերը աւելցնելու հետ: Միայն այդ փառատօնի համար անհրաժեշտ է 84 միլիոն դրամ լրացուցիչ գումար:
Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ներկայացուց այն աշխատանքները, զորս նախարարութիւնը իրականացուցած է այս տարի, եւ ընդգծեց 2012ի իրենց առաջարկները:
Նախարար Յակոբեան տեղեկացուց, որ նախարարութիւնը Սփիւռքի ամառնային համալսարան ստեղծելու առաջարկ ներկայացուցած է:
Պիտի իրականացուին նաեւ կրթամշակութային ծրագրեր ԱՊՀ-ի երկրներու մէջ:
Հ. Յակոբեան նշեց, որ 2011ին կազմակերպած է 24 համաժողովներ , միւս տարի նախատեսուած է շարունակել զանոնք, մասնաւորապէս պիտի իրականացուին հայագէտներու, լրագրողներու, ճարտարապետներու համաժողովներ. «համաժողովներն արդէն լինելու են աւելի գործակցային. եթէ այս տարի Ճարտարապետների համաժողովը հիմնականում ճանաչողական է, ապա գալիք տարի մասնակից ճարտարապետներն արդէն ներկայացնելու են իրենց աշխատանքները»:
Յակոբեանը տեղեկացուց, որ Հանրայինի եթերով հեռարձակուող «սփիւռքի ժամ» հաղորդաշարը պիտի շարունակուի նաեւ միւս տարի, եւ այդ նպատակով պիւտճէով նախատեսուած են որոշակի գումարներ:
Ան նշեց, որ այս տարի կ'աւարտին նաեւ ելեկտրոնային թանգարանի աշխատանքները:
2012ի «Արի տուն» ծրագրով եւս նախատեսուած է 800 երիտասարդի մասնակցութիւն, ինչպէս այս տարի:
Նախարարը նաեւ նկատեց, որ շարունակութիւն պիտի ունենայ հայրենադարձութեան ծրագիրը:








All the contents on this site are copyrighted ©.