Վանի մէջ այս գիշեր (տեղական ժամով՝ ժամը 21.23ին) տեղի ունեցած երկրաշարժի հետեւանքով
երկու տասնեակէ աւելի շինութիւններուն հետ մէկտեղ փուլ եկած են «Պայրամ» եւ «Ասլան»
պանդոկները , որոնք լեփ լեցուն էին թուրք եւ օտար լրագրողներով,թրքական կարմիր մահիկի
պաշտօնեաներով եւ օտարազգի փրկարարներով ։Երէկ գիշերուայ երկրաշարժը Ռիխթէրի աստիճանաչափի
վրայ 5,6 ուժգնութեամբ , 3 աստիճան ուժգնութեամբ՝ զգացուցած է նաեւ Հայաստանի մէջ։ Առայժմ
ոչինչ չի հաղորդուիր պանդոկներու մէջ գտնուող օտարներու եւ լրագրողներու ճակատագրի
մասին, որոնք Թուրքիա ժամանած էին աղետի գօտիի հետեւանքները լուսաբանելու նպատակով: Աղէտի
գօտիին մէջ օգնութեան խմբակներու աշխատանքները կը շարունակուին: Վանի մէջ Հոկտեմբեր
23ին տեղի ունեցած երկրաշարժին հետեւանք զոհուած են 604 հոգի , վիրաւորուած` աւելի քան
4000 հոգի: Այդ առթիւ փլատակներուն տակէն դուրս բերուած էին ողջ մնացած 188 անձեր եւ
քանդուած էին աւելի քան 2000 շինութիւններ: