2011-11-09 13:17:38

ֆրանսայի Եկեղեցւոյ Զօրակցութիւնը Միջին Արեւելքի Քրիստոնեաներուն։


ֆրանսայի եպիսկոպոսները իրենց աշնանային նիստին աւարտին անգամ մը եւս վերահաստատեցին իրենց զօրակցութիւնը, նեցուկը ու եղբայրակցութիւնը Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներուն, որոնք տակաւին կը տառապին կրօնական ազատութեան չգոյութենէն։ ֆրանսայի եպիսկոպոսներու յղած գիրին մէջ կը կարդանք.''Մինչ արաբական աշխարհը կը դիմագրաւէ քաղաքական ու ընկերային կարեւոր յեղաշրջումներ, կ'ուզենք ձեզ ողջունել ու քաջալերել, Միջին Արեւելքի սիրեցեալ եղբայրներ ու քոյրեր''։ Մեը աղօթքն է, որ ինչպէս մեր երկին մէջ, բոլոր կրօններու հաւատացեալները կը վայելեն կատարեալ ազատութիւն, դուք եւս կարողանաք ամենայն ազատութեամբ ապրիլ ձեր հաւատքը ու սատարէք ձեր երկրին բարօրութեան ու անվտանգութեան։ Եպիսկոպոսները կը յիշեցնեն բոլոր կրօնապետերու պատասխանատուութիւնը, հաստատելու եւ զարգացնելու երկխօսութիւնը ու խաղաղութիւնը, Ասիզիի կրօններու հանդիպումի ոգիով։








All the contents on this site are copyrighted ©.