2011-11-09 13:16:47

Սրբազան Քահանայապետը 10 Նոյեմբերին կ՛ընդունի Իսրայէլի Կրօնապետերը


Հինգշաբթի 10 նոյեմբերի առաւօտեան Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը ունկնդրութիւնը կը շնորհէ Իսրայէլի կրօնապետերու խորհուրդին, որոնք կազմուած են հրեայ, մահմետական, տիւրզի եւ քրիստոնեանեայ պատուիրակութենէ մը։ Պատուիրակութիւնը ապա հանդիպում պիտի ունենայ Արեւելեան Եկեղեցիներու Ժողովի Կառավարիչ Կարտինալ Լէօնարտօ Սանտրիի հետ, ինչպէս նաեւ Քրիստոնեաներու միութեան քահանայապետական խորհուրդի նախագահ՝ Կարտինալ Գիւրտ Գոխի հետ։
Այս ունկնդրութիւնը Սուրբ Աթոռի եւ Իսրայէլի տուած դրական պատասխանն է, հանդէպ միջկրօնական երկխօսութեան եւ իսրայէլի զանազան կրօններու համակեցութեան ի սպաս. հաղորդագրած է Սուրբ Աթոռի մօտ Իսրայէլի դեսպանութիւնը։ Պատուիրակութեան մաս կը կազմեն Իսրայելի Աւագ Րաբունապետ Եոնաէ Մեծկեր` երուսաղէմի Լատիններու Պտարիարք ֆուատ Թուալ, Իսրայէլի Իմամներու աւագ իմամը Մոհամմատ Գիուան եւ Տիւրզի հասարակութեան պետ՝ Մուաֆաք Թարիֆը։
Վերոյիշեալ խորհուրդը պարտականութիւնն ունի համակարգելու երկրի զանազան կրօններու միջեւ խաղաղ համակեցութեան գործնթացը ու գործելու <<իւրաքանչիւր էակի կեանքի սրբութեան>> ի խնդիր <<մերժելով ուժգնութիւնը>>։
Հաղորդագրութեան մէջ կը կարդանք նաեւ որ <<կրօնները կը սորվեցնեն թէ խաղաղութիւնը Աստուածային պատուիրան մըն է>> ու կրօնապետերը պարտականութիւնն ունին մտիկ ընելու ամենէն տկարներուն աղաղակը եւ յանձնառութեամբ աշխատելու աւելի արդար հասարակութեան մը համար։








All the contents on this site are copyrighted ©.