2011-11-09 13:16:34

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին Չորեքշաբթի Օրուայ Հրապարակային Ունկնդրութիւնը։


Չորեքշաբթի 9 նոյեմբեր 2011, առաւօտեան ժամը 10.30-ին, Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը ունկնդրութիւն շնորհեց Սուրբ Պետրոսի հրապարակը համախմբուած հազարաւոր հաւատացեալներուն։
Ունկնդրութենէն ետք, Պօղոս Զ անուան սրահին մէջ, Սրբազան Քահանայապետին շնորհուեցաւ Իտալիոյ Պոլծանօ նահանգի Նաթզ Շապզ քաղաքապետարանի Պատուոյ Քաղաքացիութիւնը, Նաթզ Շապզի Քաղաքապետ` Բիթըր Կասսէրի ձեռամբ։
Նշենք որ Պենետիկտոս ԺԶ-ի մեծ մայրը յիշեալ գիւղին մէջ ծնած էր։
Մինչեւ օրս Սրբազան Հօր շնորհուած է Գերմանիոյ , Աւստրիոյ ու Իտալիոյ 12 քաղաքներու Պատւոյ քաղաքացիութիւն։

Հրապարակային ունկնդրութեան ընթացքին, Նորին Սրբութիւնը շարունակելով Սաղմոսներու մասին իր խորհրդածութիւնը անդրադարձաւ 118 սաղմոսին , որը գովք մըն է Աստուածային օրէնքին։
Հաւատարմութիւնը Աստուծոյ խօսքին, ապրումը աստուածային յայտնութեան, ոչ թէ ըստ գիրին, այլ ըստ հոգւոյն, մարդը կ՛արժանացնեն երանութեան եւ կը տանին երջանկութեան, որովհետեւ միայն այս <<երջանկութիւնը կը բովանհակէ բոլոր բարիքները>>։
Աստուածային օրէնքը կեանքի աղբիւր է, անոր հպատակիլը ու զայն իւրացնելը կը նշանակէ Աստուծոյ հետ հանդիպումը։
Այս սաղմոսը շատ կարեւոր է բոլորիս համար, ըսաւ Նորին Սրբութիւնը աւելցնելով, մանաւանդ քահանաներուն համար որոնք կանչուած են հետեւելու Քրիստոսին, միայն անոր մէջ գտնելով ՜՜իսկական կեանքի աղբիւրը՝՝։
Այս լոյսին տակ է որ կը հասկցուի կուսակրօնութեան ընտրանքը։
՜՜Տէրը ու անոր Խօսքը՝՝ այս է մեր ՜՜երկիրը՝՝ ու պէտք է ապրինք ուրախութեամբ եւ մեր եղբայրակիցներուն հետ հաղորդութեան մէջ։

Այս խորդածութեան աւարտին Սրբազան Հայրը զանազան լեզուներով ողջունեց ներկաները։
Հուսկ յատուկ ողջոյնի խօսք մը ուղղեց երիտասարդնլերուն, հիւանդներուն ու նորապսակեալներուն։
Սիրելի երիտասարդներ, ըսաւ Ստբազան Հայրը, ձեր ապագան կերտեցէք Աւետարանի հաւատարմութեամբ եւ աճեցէք Յիսուսի դաստիարակութիւններով ու անոր օրինակով։ Դուք սիրելի հիւանդներ, ձեր ցաւերը ներկայացուցէք Տիրոջ որպէսզի ձեր ցաւերու մասնկացութեամբ իրագործուի աշխարհի փրկչագործութեան ծրագիրը։
Եւ դուք սիրելի նորապսակեալներ, հաւատքով յառաջացէք ձեր ճանապարհի վրայէն, որպէսզի ապրիք կեանքը որ Աստուածային պարգեւ մըն է։

Սրբազան Քահանայապետը ապա կոչ ուղղեց Լատին Ամերիկայի ողողումներու եւ հողակոյտերու եւ քարակոյտերու զոհ բնակչութեան ի նպաստ։ Անգամ մը եւս իմ մօտիկութիւնս կը յայտնեմ, ըսաւ Սրբազան Հայրը, բոլոր անոնց որոնք կը տառապին բնական այս աղէտներէն ու մինչ կը խնդրեմ բոլորէն որ աղօթէք զոհերու հոգւոյն ու անոնց ընտանեկան պարագաներուն համար, կը հրաւիրեմ ձեզ զօրակցութիւն ցոյց տալ անոնց, մանաւանդ իշխանութիւններէն ու բարի կամք ունեցող անձերէն կը խնդրեմ որ համագործակցին առատաձեռն ոգիով, օգնութեան հասնելու՝ աղէտեալ բնակչութեան։








All the contents on this site are copyrighted ©.