2011-11-09 12:45:37

ԷՋ ՄԸ ՀԱՅ ԳՐԱԿԱՆՈՒԹԵՆԷՆ։
Հայր Ղեւոնդ Ալիշան (1820-1901). Հայ գրականութեան նոր ժամանակներու Նահապետը, որ երգ տուաւ Հայաստանի եւ Հայութեան Պաշտամունքին :


Նոյեմբեր 9ին կը լրանայ մահուան 110ամեակը Հայկեան Հանճարի վեհաշուք «Նահապետ»ին՝ Հայր Ղեւոնդ Ալիշանի։
9 Նոյեմբեր 1901ին, Վենետիկի մէջ, 81 տարեկանին կը վախճանէր հայ ժողովուրդի ու Հայաստան Աշխարհի պաշտամունքը համազգային ապրումի, մտածողութեան, վարքագծի եւ երգի վերածած անբասիր եկեղեցականն ու ներհուն բանաստեղծը։
Հայր Ղեւոնդ Ալիշան ծնած էր 1820 թուի Յուլիս 6ին, Պոլսոյ մէջ, հնահաւաք ու դրամագէտ Պետրոս-Մարգար Ալիշանեանի ընտանեկան յարկին տակ։ Մկրտուած էր Քերովբէ։ Պոլսոյ «Չալըխեան» նախակրթարանը հազիւ աւարտած՝ 12 տարեկան Քերովբէն ղրկուեցաւ Վենետիկի Սուրբ Ղազարի վանքը եւ յանձնուեցաւ Մխիթարեաններու դաստիարակութեան։ Վանքի Ընծայարանն ու «Մուրատ Ռափայէլեան» բարձրագոյն վարժարանը աւարտեց 1841ին՝ արդէն կուսակրօն վարդապետ ձեռնադրուած։ Անմիջապէս նուիրուեցաւ նոյն վարժարանէն ներս ուսուցչութեան՝ միաժամանակ աշխատակցելով 1843ին կեանքի կոչուած «Բազմավէպ» հանդէսին։ Այս շրջանին լոյս տեսան իր առաջին բանաստեղծութիւնները, որոնք գրաբարով գրուած էին եւ կը կրէին Մխիթարեաններու դասական դպրոցին շեշտակի կնիքը։
1848ին նշանակուեցաւ «Ռափայէլեան» վարժարանի տեսուչ՝ միաժամանակ ստանձնելով «Բազմավէպ»ի խմբագրութիւնը (1849-1851)։

1849ին բռնկած իտալա- աւստրիական պատերազմին հետեւանքով՝ «Մուրատ Ռափայէլեան» վարժարանի դասաւանդութիւնները կþառկախուին։ 1850ին, Մխիթարեաններու Աբբահայր Գ. Հիւրմիւզի հետ, Ալիշան կþանցնի Վատիկան, ուրկէ տարի մը ետք - Մուրատ Ռաֆայէլեանի կտակին հետ կապուած հարցերու լուծման առաքելութեամբ - կ'ուղարկուի Լոնտոն։ Ալիշան կþերկարաձգէ Լոնտոն իր կեցութիւնը, որպէսզի մօտէն ծանօթանայ եւ ուսումնասիրէ Քեմպրիճի համալսարանին ու Օքսֆորտի մատենադարանին հին ձեռագիրներու աշխարհահռչակ հաւաքածոն։ Ալիշան ոչ միայն մանրամասն կը քննէ, այլեւ՝ կը ցանկագրէ իր գտած հայկական բոլոր ձեռագիրները։ Լոնտոնէն ետք, ուսումնասիրական եւ ինքնազարգացման նպատակներով, կը շրջի եւրոպական գլխաւոր կեդրոնները՝ յաջորդաբար Պերլին, Վիեննա, Փարիզ եւ Կանտ (Պելճիքա)։ Վենետիկ կը վերադառնայ 1853ին։

Հայր Ղեւոնդ Ալիշանի մանկավարժական գործունէութիւնը շարունակուեցաւ մինչեւ 1872 թուականը, երբ որոշեց ամբողջութեամբ նուիրուիլ գիտական աշխատութեանց։ Այդ շրջանին, «Մուրատ Ռափայէլեան»ի տեսչութեան կողքին, Ալիշան 1859էն 1861 դասաւանդեց նաեւ Փարիզի «Մուրատեան» վարժարանին մէջ։ Այնուհետեւ, մինչեւ իր վախճանումը 9 Նոյեմբեր 1901ին, Հայկեան Հանճարին վեհաշուք Նահապետը փակուեցաւ Ս. Ղազարի վանքի իր աշխասենեակին մէջ եւ ստեղծեց աւելի քան յիսուն հատոր հայագիտական պատկառելի երկեր, որոնք փառքը կը կազմեն հայ ժողովուրդի հոգեմտաւոր ժառանգութեան։








All the contents on this site are copyrighted ©.