Արեւմտահայերէնի Պաշտպանութեան Խորհուրդի Առաջին Նիստը Անթիլիասի Մէջ։
Անթիլիասի վանքին մէջ, Երեքշաբթի 8 նոյեմբերի՝ երեկոյեան, գումարուեցաւ Արեւմտահայերէնի
պաշտպանութեան խորհուրդի առաջին նիստը։ Անոր մասնակցեցաւ նաեւ՝ հայ կաթողիկէ պատրիարքութեան
կողմէ գերյ. Հ. Անդրանիկ ծ.վ. Կռանեան եւ գեր. Հ. Վարդան վրդ. Գազանճեան։