Երեքշաբթի 8 Նոյեմբեր 2011, տօն՝ Սուրբ Յովհան Ոսկեբերանի։ Ան ընդհանրական եկեղեցւոյ
տասներկու վարդապետներէն մէկն է: Ծնած է Անտիոքի մէջ, ազնուական ընտանիքի մէջ, ազգութեամբ՝
ասորի: Մանուկ հասակին կորսնցուցած է իր հայրը, ու մօր բարի խնամքին շնորհիւ ստացեր է
լաւ կրթութիւն՝ ուսանելով ժամանակի հռչակաւոր հռետոր եւ ճարտասան՝ Լիբանիոսի մօտ: 380
թուականին Մելիտոս եպիսկոպոսի թախանձագին հարկադրանքով սարկաւագ կը ձեռնադրուի: 386 թուականին
Մելիտոսին յաջորդած Փլաբիանոս հայրապետը զայն քահանայ կը ձեռնադրէ: 397 թուականին կը
վախճանի Կոստանդնուպոլսոյ Նեկտարիոս պատրիարքը, Արկադիոս կայսրը, տեղեակ ըլլալով սուրբ
Յովհան Ոսկեբերանի համբաւի մասին, կը պատուիրէ, որպէսզի զայն անմիջապէս, անաղմուկ բերեն
Կոստանդնուպոլիս՝ պատրիարք ձեռնադրելու: 398 թուականին տեղի կ’ունենայ անոր ձեռնադրութիւնը: Իր
հօտին նուիրուած հովիւը ոչ միայն քաղցրութեամբ կը խրատէր, այլ երբեմն՝ յանդիմանութեամբ,
այդ էր պատճառը, որ շուտով անուանի հայրապետը շատ հակառակորդներ կ’ունենայ: Այդ հակառակորդներու
շարքին մէջ էր նաեւ Եւդոքսիա թագուհին, որ կը յանդիմանուէր հայրապետի կողմէ արքունական
յոռի բարքերու պատճառով: Իր թշնամիներու սադրանքով 403 թուականին ան կ’աքսորուի, սակայն
վախնալով ժողովուրդի ցասումէն և այդ օրերուն տեղի ունեցած երկրաշարժէն՝ արքունիքը ետ
կը բերէ հայրապետը: 404 թուականին Ս. Յովհան Ոսկեբերանը դարձեալ կ’աքսորուի Կիլիկիոյ
Կոկիսոն քաղաքը, աւելի ուշ՝ Բիւզանդիա: Չդիմանալով ճանապարհի դժուարութիւններուն՝
407 թուականին կը մահանայ: Անոր արտասանած վերջին բառերն են. «Փա՛ռք քեզ, Աստուա՛ծ, փա՛ռք
քեզ, ամէն ինչի համար փա՛ռք քեզ»: 438թ. սուրբի մարմինը մեծ հանդիսաւորութեամբ կը բերուի
եւ կ’ամփոփուի Կ. Պոլսոյ Ս. Առաքելոց եկեղեցւոյ մէջ: Ընդհանրական եկեղեցւոյ այս անխոնջ
մշակի ոսկեբերան խօսքերը դարեր շարունակ առաջնորդեր և կրթեր են բազում եկեղեցական սերունդներ:
Անոր խօսքերէն կատարուած մէջբերումներու կը հանդիպինք ամենուրէք: Ան յայտնի է իր Աստուածաշունչ
մատեանի գիրքերու մեկնութիւններով: Բազմատեսակ է անոր մատենագրական վաստակը` մեկնութիւններ,
ճառեր, ներբողներ, թուղթեր և այլն, որոնք իրենց բարերար ազդեցութիւնը ունեցած են քրիստոնէական
մտքի պատմութեան վրայ: Անոր գործերը հայերէնի թարգմանուած են, արդէն իսկ իր կենդանութեան
օրերուն: