2011-11-08 11:56:19

Հայր ֆետերիքօ Լոմպարտիի Շաբաթական Խմբագրականը
՜՜7-րդ Միլիառ՝՝


Ռատիվատիկանի Ընդհանուր Տնօրէն` Հայր ֆետերիքօ Լոմպարտին իր այս շաբթուայ խմբագրականը նուիրած է աշխարհի բնակչութեան թիւ 7 միլիառ ծնեալին անոր ուղղելով նամակ մը։
Սիրելի 7 միլիառնոց մանուկ։ Չեմ գիտեր եթէ մանչ ես թէ աղջիկ, եթէ հնդիկ ես թէ չինացի, ծնած՝ գիւղի կամ քաղաքի մը մէջ, կամ հեռաւոր կղզիի մը մէջ, կամ ալ պանդխտութեան վրանի մը տակ։
Չեմ գիտեր եթէ առողջ ես կամ հիւանդ ու կամ թերաճ։ Չեմ գիտեր եթէ քու մօտդ են երկու ծնողներդ կամ միայն մայրդ։ Չեմ գիտեր եթէ դուն ու քու հասակակիցներդ շատ էք թէ քիչ։ Այս բոլորը այսօր կարեւոր չեն։
Այս աշխարհը ուր հասար քիչ մը խրթին է ու շատ անգամ հիւրընկալ չէ ամէնուն հանդէպ։ Դժբախտաբար չկարողացանք զայն պատրաստել քեց ընդունելու։ Հարուստ երկիրներու պետերը կլոր սեղանի շուրջ հաւաքուած են լուծումներ գտնելու՝ յառաջ ընթանալու համար, առանց ուրիշ ձախորդութիւններ արձանագրելու, մենք ալ հարցադրանքի առջեւ կը գտնուիք քու ապագայիդ նկատմամբ։
Բայց այսօր, ես քեզի կ՛ուզեմ ըսել որ դուն յատուկ ես ու տարբեր միւս բոլորէն` որովհետեւ սքանչելի պարգեւ մըն ես, հրաշք մը` որով քու հոգիդ պիտի ապրի առ յաւէտ, ուստի ՜՜ բարի եկար՝՝։
Մեր մաղթանքը այն է որ՝ երբ ժպտաս քեզի համապատասխանուի ժպիտով , ու երբ լաս մխիթարանք գտնես։ Կը մաղթենք որ կարենաս դպրոց յաճախել եւ սնունդէ զուրկ չմնաս։ Կը մաղթենք որ քու հարցումներուդ իմաստուն պատասխաններ տրուին քեզի , ու քեզ քաջալերեն քու ձեռքբերումներուդ համար եւ դուն՝ տէր ըլլաս քեզի յանձնուած պատասխանատուութեան ։ Կը մաղթենք որ կարենաս սիրել ուրիշները, աճիլ, աշխատիլ ու ապրիլ ընտանիքիդ հետ, շրջապատուիս բարեկամներով. ազատ երկրի մը մէջ, ուր կ՛իշխէ խաղաղութիւնը։
Կը մաղթենք որ դուն հասկնաս թէ կեանքդ արժէքաւոր է, եւ իմաստ ունի նոյնիսկ մահուընէ անդին ալ։ Որով դուն ծնար ասոր համար ու ասոր համար է որ Քու արարիչ հայրդ, քեզ ստեղծեց։
Մենք ամէն ջանք պիտի թափենք որպէսզի այս ամէնը իրականացուի։ Քեզի կը մնայ ջանասիրութեամբ ու յանձնառու կերպով աշխատիլ , որովհետեւ քու ապագադ քեզմէ կախում ունի, ու քեզի պիտի իյնայ բարի գալուստ մաղթել ութերորդ միլիառ ծնեալ մանուկին։








All the contents on this site are copyrighted ©.