2011-11-07 12:37:15

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի Գործունէութիւնը


Երկուշաբթի 7 նոյեմբեր 2011։ Առաւօտեան ժամը 11 ին Նորին Սրբութիւնը ունկնդրութիւն շնորհեց Դաշնակցային Գերմանիոյ նոր անուանուած Դեսպան Տիար Րէյնարտ Շուէբի հաւատարմագրերու ներկայացումի առիթով։ Սրբազան Հայրը ապա ընդունեց Միացեալ Նահանգներու նոր Առաքելական Նուիրակ` Գերապայծառ Գարլօ Մարիա Վիակնոն ու հուսկ Գերապայծառ Ճուզէբբէ լէանցան Չէխ հանրապետութեան մօտ առաքելական դեսպան։
Ժամը 12ին Սրբազան Հայրը ուկնդրութիւն շնորհեց Գանատայի եպիսկոպոսաց Համահաւաք դասի նախագահ գերապայծառ Րիչարտ Ոիիլլիամ Զմիդի ու անոր ընկերացող վերոյիշեալ դասի փոխ նախագահ գերապայծառ Փօլ Անտրէ Տուրոշէր եւ ընդհանուր քարտուղար գերապայծառ Բադրիք Բաուէրզ ջ։ Նշենք որ մնիչեւ 10 դեկտեմբեր միացեալ նահանգներու եպիսկոպոսները հերթաբար կը ժամանեն Հռոմ իրենց հնգամեայ կանոնական այցելութիւնը կատարելու Սուրբ Պետրոսի յաջորդին։

Կիրակի 6 նոյեմբերի առաւօտուն` Հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքի ընթացքին, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը կոչ ուղղեց Նիճէրիոյ մէջ պատահած ողբերգրական արարքներուն դադրեցման ի նպաստ ու աղօթելով զոհերու հոգւոյն պահանջեց վերջ դնել ուժգնութիւններուն որոնք հարցերու լուծման չեն օժանդակեր այլ ընդհակառակը զանոնք կ՛աճեցնեն ամենուրէք սերմանելով ատելութիւն եւ բաժանում - ըսաւ Սրբազան Քահանայպետը։








All the contents on this site are copyrighted ©.