2011-11-07 12:38:49

Միջազգային Գիտաժողով Մը ''Մարմնի Աստուածաբանութիւն'' Նիւթին Մասին 9-11 Նոյեմբեր։


Հռոմի Թագուհի Առաքելոց քահանայապետական համալսարանին մէջ, 9-11 նոյեմբեր,
տեղի պիտի ունենայ Միջազգային գիտաժողով մը ''մարմնի աստուածաբանութիւն'' նիւթին մասին։ Գիտաժողովին կը նախատեսուի մասնակցթիւնը բազմաթիւ գիտնականներու։ Բացման խօսքը պիտի կատարէ գերապայծառ Զիկմունդ Ծիմովսքի նախագահը առջողջապահութեան հովուութեան քահանայապետական խորհուրդին։ Իսկ Իտալիոյ ազգային ժողովի փոխ նախագահը տիար Ռոգօ Պութիլիոնէ խորհրդածութիւն մը պիտի կատարէ ''Մարմնոյ աստուածաբանութիւնը եւ երանելի Յովհաննէս Պօղոս Բ քահանայապետը'' նիւթին մասին։








All the contents on this site are copyrighted ©.