2011-11-07 16:05:10

Լոս Անճելըսի Հայ Քոյրերու Վարժարանի Հանգանակային Առաջին Քայլարշաւը


Անարատ յղութեան հայ քոյրերու միաբանութիւնը, հայոց պատմութեան մէջ եզակի այն միաբանութիւններէն է, որ դրսեւորած է հայ կնոջ արժանիքները՝ իր ստեղծած դպրոցներու ճամբով։ Աւելի քան մէկուկէս դար է, որ այս դպրոցները, որոնք աշխարհով մէկ տարածուած են, իրենց կիզակէտը դարձուցած են հայ մանուկն ու պատանին, զանոնք դաստիարակելու ու անոնց ջամբելու հայեցի եւ քիրստոնէական դաստիարակութիւն։ Լոս Անճելըսի Հայ քոյրերու վարժարանը իր քսանհինգամեայ վաստակով կը հանդիսանայ միաբանութեան դպրոցներու ոսկէ շղթայի օղակներէն մէկը, որ անվերապահօրէն կը ծառայէ Լոս Անճելըսի հայ գաղութի զաւակներուն. եւ որպէսզի ան շարունակէ իր գործունէութիւնը, նաեւ նիւթական ու այլ պատճառներու համար ոչ մէկ ուսանող զրկէ հայկական վարժարան յաճախելէ՝ վարժարանը կազմակերպած է հանգանակային քայլարշաւ մը։ Ծրագիրը մտայղացուած ու կազմակերպուած էր վարժարանի խորհրդատու մարմինին կողմէ, հովանաւորութեամբ տնօրէնուհի քոյր Լուսիային, ատենապետուհի Նարիս Խալաթեան-Պեթէլի։
Հազիւ ծրագիրը յայտարարուեցաւ, արդէն ծնողներ, ուսանողներ, եւ ուսուցիչներ տարածեցին լուրը եւ կարելի եղաւ լաւ գումար մը գոյացնել։
Քայլարշաւին մասնակցեցաւ նաեւ ի ծնէ քալելու անկարող աշակերտուհին մը որ շնորհիւ՝ իր ծնողներուն ու վարժարանի մայրապետներու գուրգուրանքին ու քաջալերանքին արդէն մէկ տարիէ կը քալէ...ան քայլարշաւին մասնակցեցաւ եւ իր պատմութեամբ, կամքով եւ օրինակով, կոկիկ գումար մը հանգանակեց Ամերիկայի տարածքին բնակող հայ թէ օտար մեծ թիւով անհատներէ, նոյնիսկ գրաւելով ուշադրութիւնը օտար մամուլին եւ հեռուստատեսիլի կայաններուն, որոնք ընկերակցեցան քայլարշաւին:
Հանգանակութիւնը կը շարունակուի մինչեւ Յունուար 16, 2012:








All the contents on this site are copyrighted ©.