2011-11-07 13:05:53

Գերապայծառ Վելիօ Կը Մեկնաբանէ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին Պատգամը Գաղթականութեան Համաշխարհային 98-րդ Օրուան Առթիւ։


Ռատիովատիկանի մեր աշխատակիցներէն տոքթոր Գոլակրանտէ հարցազրոյց մը ունեցած է գերապայծառ Վելիոյի հետ` նախագահը գաղթականերու ու փախստականներու հովուութեան քահանայապետական խորհուրդին։
-Ի՞նչ եղանակով ներկայ ժամանակի գաղթականութեան երեւոյթը կարող է դառնալ բարեպատեհ առիթ մը նոր աւետարանութեան, ինչպէս կը հասատատէ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը գաղթականութեան համաշխարհային 98-րդ օրուայ պատգամին մէջ հարցումին, գերապայծառ Վելիօ կը պատասխանէ ՜՜որ գաղթականութեան երեւոյթը հետը կը բերէ խառնուրդ մը անհատներու եւ ժողովուրդներու, որոնք կը պատկանին տարբեր մշակոյթներու ու կրօններու։ Մարդիկ որոնք կու գան երկրագունդի զանազան վայրերէն, ուր Յիսուս Քրիստոս տակաւին ճանչցուած չէ, անոնք կու գան հիւրընկալութիւն խնդրելու աւանդութեամբ քրիստոնեայ երկիրներէն։ Այս երեւոյթը եզակի ճամբայ մը կը բանայ աւետարանութեան, որովհետեւ քրիստոնեայ հասարակութեան առիթ կու տայ ճանչցնելու եւ աւետելու Յիսուս Քրիստոսը ու վկայութիւն տալու յարգալիր երկխօսութեան միջոցաւ ինչպէս նաեւ դրական վկայութիւն տալու քրիստոնէական զօրակցութեան։ Քրիստոնեայ գաղթականները իրենց կարգին կու գան արթնցնելու խիղճը տեղացի քրիստոնեաներուն՝՝։
-Իսկ երկրորդ հարցումին՝ -Կարելի՞ է օրինակ տալ թէ ի՞նչպէս տեղացի եւ նորահաս գաղթական քրիստոնեաները կարող են ամրապնդել իրարու միջեւ համագործակցութիւնը եւ վերանորոգել իրենց կառոյցները աւետարանութեան ի սպաս.
Գերապայծառ Վելիօ կը պատասխանէ. ՜՜ գաղթական, փախստական եւ ուսանող քրիստոնեաներու համար բնական է խնդրել զիրենք հիւրընակալող եղբայրներէն, զօրակցութիւն եւ անոնք ալ ՝իրենց կարգին, պէտք է պատշաճին տեղւոյն օրէնքներուն ու պարտականութիւններուն։
Այդ ուղղութեամբ Սրբազան Քահանայապետը հաղորդակցութեան միջոցներէն կը խնդրէ որ նպաստեն ճանչցնելու՝ գաղթականին ու մասնաւորապէս փախստականին իրաւունք-պարտականութիւնը եւ տեղացիներուն մէջ զարգացնեն հիւրընկալութեան ու զօրակցութեան մշակոյթը։ Կարեւոր է մամուլին սատարը, որպէսզի ընկերութիւնը այն գիտակցութիւնը ունենայ թէ ոչ ոք կամայականօրէն իր ծննդավայրէն ու սիրելիներէն կը հեռանայ՝՝։
Հուսկ գաղթականերու ու փախստականներու հովուութեան քահանայապետական խորհուրդի նախագահը խօսեցաւ օտար ուսանողներուն դիմագրաւած դժուարութիւններուն մասին սկսելով բնակարանէն ։ Միջազգային ուսանողներու թիւը արդէն գերազանցեց 3 միլիոնը եւ 2025ին համար կը նախատեսուի 7 միլիոն ուսանողի ներկայութիւնը։
Անոնք որոնք ակադեմական ու հովուական պատասխանատուութիւններ ունին համալսարանական աշխարհին մէջ, կանչուած են միասնաբար համագործակցելու, նպաստելու՝ տարբեր մշակոյթներու ըմբռնումին ինչպէս նաեւ Աւետարանը ճանչցնելու նոր սերունդին։ Ասոր համար մեր խորհրուրդը, ըսաւ Գերապայծառ Վելիօ, միջազգային ուսանողներու համար համաշխարհային գիտաժողով մը կը պատրաստէ 30 նոյեմբերէն մինչեւ 3 դեկտեմբեր ''միջազգային ուսնաողներ եւ մշակոյթներու հանդիպում'' նիւթին մասին։ Նախաձեռնութեան նպատակն է ուսումնասիրել դերը միջազգային ուսանողներուն, մարդկային տեղաշարժի ու նոր աւետարանութեան ակադեմական միջավայրին մէջ։ Այս գիտաժողովին կը մասնակցին զանազան երկիրներէն 135 պատուիրակներ, որոնք կը ներկայացնեն 36 եպիսկոպոսական համահաւաք դասեր, 8 եկեղեցական ու կրօնաւորական հաստատութիւններ, 4 միջազգային ու տեղական կազմակերպութիւններ եւ 30 ուսանողներ, որոնց առիթ պիտի տրուի հաղորդելու եւ բաժնելու իրենց փորձառութիւնները։








All the contents on this site are copyrighted ©.