2011-11-07 16:04:56

Ասորի Համայնքի Ներկայացուցիչներու Այցելութիւնը Հայաստան։


Աշխարհի տարբեր անկիւններու մէջ գործող ասորի համայնքներու ներկայացուցիչներ իրենց Հայաստան այցելութեան ընթացքին շարք մը հանդիպումներ ունեցած են ո՛չ միայն Հայաստանի ղեկավար մարմիններուն, այլեւ հայաստանաբնակ ասորական համայնքին հետ:
Նշենք, որ Օսմանեան Կայսրութեան մէջ բռնութեան ենթարկուած քրիստոնեայ ժողովուրդներուն մէջ եղած են նաեւ ասորիները, որոնց զանգուածային կոտորածի պատմական փաստը նոյնպէս կը հերքուի Թուրքիոյ իշխանութիւններուն կողմէ։ Ասորիներու կոտորածը՝ իբրեւ Ցեղասպանութիւն, աշխարհի մէջ ճանչցած է միայն Շուէտը: Ասորիները սփռուած են աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ եւ չեն ունեցած յատուկ կեդրոն մը, որ պիտի համակարգէր ասորի համայնքներուն աշխատանքները:
Պելկիայէն, Աւստրալիայէն, Սուրիայէն, Ռուսիայէն, Վրաստանէն եւ Լաթվիայէն ասորիական համայնքներու ղեկավարներուն Հայաստան կատարած այցի նպատակներէն մէկը եղած է կեդրոն ունենալու խնդիրը, եւ իբրեւ արդիւնք, համայնքներու ղեկավարները համաձայնագիր ստորագրած են՝ Հայաստանի մէջ համա-ասորական կեդրոն հիմնելու մասին: Կեդրոնը պիտի զբաղի ասորիներու կրթութեան, մշակոյթին, ինչպէս նաեւ ցեղասպանութեան ճանաչման հարցերով:
Նշենք, որ Հայաստանի մէջ այսօր կ՛ապրի հինգ-վեց հազար ասորի:








All the contents on this site are copyrighted ©.