2011-11-07 13:09:05

՝՝Հայեցի Դաստիարակութիւնը Սթիւ Ճոպսի Յաջողութիւններու Գլխաւոր Գրաւականներէն Մէկն էր՝՝ Կ՝ըսէ Համալսարանի Փրոֆեսոր Ուիլիամ Քաւասիս։


«Սթիւ Ճոպս իր գործնական կեանքին անցնելու ժամանակ դրամագլուխ չունէր, ան ունէր միայն մտքեր որոնց իրականացման անցաւ իր բնակած տան մէջ», Այս բառերով սկսաւ Ամերիկեան Ուաշինկթըն համալսարանի փրոֆեսըր՝ Ուիլիամ Քաւասիս, իր դասախօսութիւնը՝ ամերիկացի հանճարեղի մասին(ինչպէս ծանօթ է Տիկին Յակոբեանի որդեգիր զաւակը ), Սթիւ որ փոխեց աշխարհի միլիոնաւոր մարդոց կեանքը։ Այս մասին կը յայտնէ արաբալեզու «Խապար արմանի» կայքը։

Երեւանի Տնտեսագիտութեան Համալսարանէն ներս ներկայացուցած դասախօսութեան ընթացքին ան յայտնեց նաեւ, որ «Սթիւ Ճոպսի յաջողութիւնները ունէին երկու հիմքեր, Առաջինը՝ այն հայեցի դաստիարակութիւնն էր, զոր ստացած էր իր մօրմէն Քլարա Յակոբեանէն, իսկ Երկրորդը՝ մրցակցութեան մթնոլորտն էր, որ կը տիրէր ԱՄՆի մէջ, ուր կ'ապրէր ան։ Անկարելի էր, որ Ճոպս իրականացնէր իր հանճարեղ մտքերէն որեւէ մէկը, եթէ չըլլար մրցակցութեան այդ մթնոլորտը» (ըսած է փրոֆեսըր Ուլիամ Քաւասիս)։








All the contents on this site are copyrighted ©.