2011-11-06 10:07:08

ՌԱՖՖԻ ԹՈՔԱԹԼԵԱՆ-ի Գործերու Ցուցահանդէսի Բացումը։


Հովանաւորութեամբ Լիբանանի նախկին առաջին տիկին Մոնա Էլիաս Հըրաուիի ու ներկայութեամբ երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի եւ հայ թէ ընդհանրապէս լիբանանցի բազմաթիւ արուեստասէրներու, հինգշաբթի, 3 նոյեմբերի երեկոյեան բացումը կատարուեցաւ քանդակագործ Ռաֆֆի Թոքաթլեանի գործերու ցուցահանդէսին:
Ձեռնարկը կազմակերպած հաստատութեան` «Այտիազ Ֆաքթըր»ի հիմնադիր տնօրէն Մարք Տիքընսըն ողջունելով ներկաները բացուած յայտարարեց ցուցահանդէսը:

Լիբանանի նախկին առաջին Տիկին Մոնա Հըրաուի խօսք առնելով դրուատեց քանդակագործ Ռաֆֆի Թոքաթլեանը իբրեւ մարդ ու արուեստագէտ` վեր առնելով անոր գործերուն ներշնչած պատգամը:
Քանդակագործ Ռաֆֆի Թոքաթլեան ծնած է արուեստագէտներու ընտանիքի մէջ: Անոր մեծ հայրը Աբրահամ Թոքաթլեան նոյնպէս արուեստագէտ, մազապուրծ ճողոպրած է 1915-ի Ցեղասպանութենէն:
Թոքաթլեան մեծապէս ազդուած է մեծ հօր եւ հօր` Պօղոս Թոքաթլեանի ապրած դառն յիշատակներէն: Ցեղասպանութեան յուզախառն յուշերը ներշնչումի խոր պահերով տոգորած են զինք: Րաֆֆի Թոքաթլեանի քանդակի գլուխ-գործոցներու ցուցահանդէս-մակագրութիւնը կը շարունակուի մինչեւ 6 նոյեմբեր:








All the contents on this site are copyrighted ©.