2011-11-06 12:10:25

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի Կիրակնօրեայ Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան Աղօթքը


Կիրակի 6 նոյեմբեր 2011 կէսօրին Պենետիկտոս ժԶ Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակի պատշգամէն արտասանեց Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը Սուրբ Պետրոսի հրապարակը համախմբուած հազարաւոր ուխտաւորներու ներկայութեամբ։
Մարեմաեն աղօթքէն առաջ Սրբազան Հայրը խորհրդածութիւն մը կատարեց օրուան սուրբ գրային ընթերցումներու մասին որոնք - ըսաւ Ան - մեզ կը հրաւիրեն շարունակելու խորհրդածութիւնը` որ սկիզբ առաւ Օր մեռելոցի յիշատակութեան առթիւ` յաւիտենական կեանքի մասին։Այս ուղղութեան տարբերութիւն կայ հաւատացեալի եւ ոչ հաւատացեալի միջեւ եւ կարելի է ըսել նաեւ յոյս ունեցողի եւ անյոյս հաւատացեալի միջեւ։
Սուրբ Պօղոս Թեսաղոնիկեցիներու ուղղած իր թուղթին մէջ կը գրէ <<չենք ուզեր, եղբայրներ, որ տգէտ ըլլաք ննջեցեալներու մասին, որպէս զի չտրտմիք ինչպէս ուրիշներ` որոնք յոյս չունին։>> (Ա. Թեսաղ. 4,13) Ու Եփեսացիներուն ուղղած թուղթին մէջ առաքեալը կը գրէ <<Յիշեցէք...չունէիք ո՛չ յոյս եւ ո՛չ ալ Աստուած այս երկրի վրայ>>։
Յիրաւի եթէ Աստուած ու Քրիստոսը վերցնենք մեր կեանքէն, աշխարհը կ՛իյնայ մթութեան ու պարապութեան մէջ։ Այս ըմբռնումը -առանց Աստուծոյ ապրիլը - ոչնչապաշտներու կը պատկանի ու շատ անգամ կը վարակէ նաեւ շատ մը երիտասարդներ։
Սրբազան Քահանայապետը ապա անդրադարձաւ օրուան աւետարանի մասին ուր Յիսուս կը պատմէ տասը կոյսերու առակը, որոնցմէ առաջին հինգը` իմաստուն կոյսեր էին ու առիթ կ՛ունենան մասնակցելու հարսանեկան խնջոյքին մինջ միւս հինգերը ` յիմար կոյսեր էին որովհետեւ ձէթի պաշար մը չեին առած իրենց հետ եւ արդ դուրս կը մնան։
Իսկական իմաստութիւնը այս մահկանացու կեանքի ընթացքին օգտուիլն է - նշեց Սրբազան Քահանայապետը - ողորմութիւններ ընելու որովհետեւ մահուընէ ետք այս անկարելի պիտի ըլլայ։ Ու վերջին դատաստանին օրը պիտի դատուինք` միայն մեր արտայայտած ու ապրած սիրոյ եւ ողորմութեան զգացումներու համար <<վասնզի ծարաւ էի եւ դուք խմցուցիք ինծի, պանդուխտ էի եւ դուք ընդունեցաք զիս, մերկ էի, զգեստաւորեցիք զիս, հիւանդ էի, այցելեցիք ինծի, բանտն էի, եկաք զիս տեսնելու>> (Մատթ. 25, 1-13)։ Այս Սէրը պարգեւ մըն է Քրիտոսէն` շնորհուած Սուրբ Հոգիի միջոցաւ։ Ով որ կը հաւատայ Աստուծոյ Սիրոյն - ըսաւ Պենետիկտոս ԺԶ եզրափակելով խօսքը - իր մէջ ունի անպարտելի յոյս մը` ճրագի մը նման որ վարուած կը մնայ մաէուընէ անդին ու մեզ կ՛առաջնորդէ կեանքի իսկական խնջոյքին։

Սրբազան Քահանայապետը հուսկ յայցեց Տիրամօր բարեխօսութիւնը որ սորվեցնէ մեզի ըլլալ իմաստուն, ու աւելցուց անորմէ սորվինք ապրիլ ու մեռնիլ յոյսի մէջ։

Խորհրդածութեան աւարտին Պենետիկտոս ԺԶ արտասանեց Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը որմէ ետք զանազան լեզուներով ողջունեց ներկայ ուխտաւոր հաւատացեալները ու յատուկէն ողջոյնի խօսք մը ուղղեց Իտալիոյ Ճէնովա քաղաքի ջրհեղեղի աղետեալներուն որոնց վստահեցուց իր աղօթքները ու Պահապան Տիրամօր բարեխօսութիւնը յայցեց որպէս զի նեցուկ ըլլայ Ճէնովայի բնակչութեան որ զօրակցութեան ճանապարհով կարենայ յաղթահարել այս սոսկալի տաքնապը։ Ապա բոլորին մաղթեց բարի կիրակի մը ու տուաւ իր հայրական օրհնութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.