2011-11-06 10:06:54

Հայազգի Նշանաւոր Դէմքեր։
Միքայէլ Փաշա Փորթուգալ (Փորթուգալեան, 1842-1897). Օսմանեան Կայսրութեան Ելեւմտական Կեանքին Վաստակաւորը ։


6 Նոյեմբերին կը լրանայ մահուան 114րդ տարելիցը հայ ժողովուրդի հռչակաւոր դէմքերէն Միքայէլ Փորթուգալեանի, որ ապրեցաւ եւ գործեց Օսմանեան Կայսրութեան վերջալոյսին եւ «Փորթուգալը փաշա» անունով պետական բարձրագոյն դիրքեր նուաճեց թէ՛ սուլթանական արքունիքէն ներս, թէ՛ երկրի ելեւմտական-ակադեմական կեանքի ղեկավարման մէջ։
Ան ծնած էր 1842ին՝ Կ. Պոլիս, ուր հայ կաթոլիկներու վարժարանին մէջ աշակերտած էր մեծանուն մեր բանաստեղծներէն՝ Զէյթունի առաջին ապստամբութեան անզուգական երգիչ Մկրտիչ Պեշիկթաշլեանի։ Այնուհետեւ, ուսումը շարունակելու համար Ֆրանսա երթալով, Փարիզի Մուրատեան վարժարանին մէջ Միքայէլ Փորթուգալեան աշակերտած էր Գաբրիէլ Այվազովսկիին եւ Ղեւոնդ Ալիշանին:
Տնտեսագիտութեան մէջ համալսարանական բարձրագոյն ուսում ստացած եւ փայլուն վկայականներու արժանացած՝ Միքայէլ Փորթուգալեան հայերէնի եւ հայագիտական իր խոր պատրաստութեան կողքին, կը տիրապետէր թրքերէն, պարսկերէն, ֆրանսերէն եւ անգլերէն լեզուներուն: Կ. Պոլիս վերադառնալէ ետք, իր փայլուն կրթութեան եւ բացառիկ ունակութեանց շնորհիւ, ան կարգուեցաւ կայսերական իշխաններու դաստիարակ եւ, միեւնոյն ժամանակ, իբրեւ թարգմանիչ՝ աշխատակցեցաւ Սուլթանական Բարձրագոյն Դրան թարգմանչաց Դիւանին:
Միքայէլ Փորթուգալը վարած է Կ. Պոլսոյ Մաքսատան տնօրէնի պաշտօնը: Այս պաշտօնավարութեան շրջանին, իր նախաձեռնութեամբ, որդեգրուեցաւ դրոշմաթուղթերու եւ լրագիրներու դրոշմի օրէնքը, որուն կիրարկումով մեծապէս աւելցան տէրութեան եկամուտները:
12 տարի ան վարած է Օսմանեան Երկրագործական Դրամատան տնօրէնի պաշտօնը: Այս դրամատան 450 մասնաճիւղերուն հիմնումը Միքայէլ Փաշայի ջանքերուն արդիւնքն էր: 1887ին նշանակուած է ելեւմուտքի (Ֆինանսներու) նախարարութեան փոխ¬նախարարի պաշտօնին: Այնուհետեւ հիմնած է Հողագործական Դրամատունը՝ ստանձնելով անոր տնօրէնութիւնը:
Ատենի Կայսերական Գանձի հայազգի նախարար Յակոբ փաշա Գազազեանի մահէն ետք, Սուլթան Ապտիւլ Համիտ Բ. Միքայէլ Փորթուգալեանը անուանեց իր անձնական գանձերուն նախարար եւ անոր շնորհեց Վեզիրի աստիճան ու Փաշայի տիտղոս:

Այս պաշտօնին վրայ Փորթուգալը նպաստեց իր ղեկավարած հաստատութեան հարստացումին եւ այլազան նախաձեռնութիւններով աւելցուց պետութեան շահոյթները:
Միքայէլ փաշայի ծրագրով էր, օրինակ, որ այդ շրջանին ձեռնարկուեցաւ Թեսաղոնիկէի նաւահանգիստի կառուցման, որն իր աւարտին հասաւ իր յաջորդին՝ Յովհաննէս փաշայի պաշտօնավարութեան ժամանակ:
Նոյնպէս Փորթուգալըի ջանքերով մեծ զարկ տրուեցաւ Օսմանեան Հերքերէի գործարանին արտադրութեանց։
Միքայէլ Փաշա հանդիսացաւ նաեւ 1877ին բացուած քաղաքական-պետական բարձրագոյն վարժարանի՝ Մեքթեպը Միւլքիէի ելեւմտական (ֆինանսիստական) ամպիոնին հիմնադիրը եւ երկարամեայ գլխաւոր դասախօսը, որ տնտեսագէտներու եւ ելեւմտագէտներու ամբողջ սերունդ մը հասցուց։
1894-1896 թուականներու Համիտեան կոտորածներէն յետոյ, երբ սուլթանական ծառայութեան կոչուած մեծաթիւ հայ երեւելիներու կողմէ շրջաբերութեան մէջ դրուեցաւ արիւնարբու սուլթանին փառաբանանքը կատարող յայտարարութիւն մը, Միքայէլ Փաշա Փորթուգալեան կտրականապէս մերժեց ստորագրել նման ամօթալի փաստաթուղթ մը։

Միքայէլ Փորթուգալեան 55 տարեկան էր, երբ իր մահկանացուն կնքեց 6 Նոյեմբեր 1897ին։








All the contents on this site are copyrighted ©.