2011-11-06 10:12:33

13 Նոյեմբեր 2011, Զուիցերիոյ Եկեղեցին Հռչակած Է Որպէս Ժողովուրդներու Կիրակի` ''Մէկ Մարդկային Ազգ '' Նիւթին Մասին։


Այս նախաձեռնութեամբ՝ Զուիցերիոյ կաթողիկէ եկեղեցին կ'ուզէ որ երկրի բոլոր ժողովրդապետութիւնները միութեան ու սիրոյ նշան տան բոլոր մարդոց հակառակ իւրաքանչիւր խումբին մշակոյթի ու լեզուի տարբերութիւններուն։ ''Մարդկային մէկ Ազգ'' նշանաբանով՝ եկեղեցին կ'ուզէ յիշեցնել բոլոր այրերուն ու կիներուն որ՝ անոնք կը կազմեն մէկ ընտանիք, նոյնիսկ եթէ կու գան զանազան երկիրներէն եւ ունին տարբեր մշակոյթներ ու բարբառներ։ Այս նախաձեռնութեամբ Եկեղեցին կ'ուզէ ըլլալ առաջինը որ լաւ կ'ընդունի գաղթականը եւ փախստականը եւ հաւատացեալներէն կը խնդրէ որ յանձնառումով գործեն որպէսզի գաղթականութեան երեւոյթը դառնայ առիթ՝ ճշմարիտ հարստացումի։ Այս տարուայ հաւաքուած գումարը պիտի նուիրուի Իրաքի քրիստոնեաներուն ու նորընծաներու կազմաւորումին։








All the contents on this site are copyrighted ©.