2011-11-05 13:09:08

Լիբանան։ Երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի Հարցազրոյցը՝ Օ. Թի. Վի. Պատկերասփիւռի Կայանին Հետ


՜՜Մենք Քիւրտերը չենք վտարեր Պուրճ Համուտէն, քիւրտերուն հետ մենք նոյն պատմութիւնը ապրած եւ նոյն արհաւիրքները կրած ժողովուրդ ենք՝՝ ըսած է Բագրատունի։
Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչը անդրադարձաւ Պուրճ Համուտի մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն եւ այդ մասին շրջանառութեան մէջ դրուած ապատեղեկատուութեան հսկայական արշաւին եւ անհիմն յայտարարութիւններուն: Այս առիթով երեսփոխան Բագրատունի յայտնեց, որ եթէ հարցը ուղղակիօրէն կապուած է Լիբանանի ապահովութեան եւ լիբանանցի քաղաքացիին անվտանգութեան, ապա այդ պարագային ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին կարծիքը յստակ է ու մեկին:
Խօսեցաւ նաեւ շրջանի մէջ օտար բանուորներուն մասին որոնք կ՛աշխատին նաեւ Պուրճ Համուտի մէջ եւ հայ գործատէրերու մօտ:Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանը ստացած է բազմաթիւ բողոքագիրներ եւ դիմած է նահանգապետին, որպէսզի անհրաժեշտ եղած տնօրինումներուն դիմէ անկարգութիւններ եւ օրինազանցութիւններ կատարող բանուորներուն դէմ: Պուրճ Համուտի քաղաքապետութիւնը պահանջեց նաեւ օտար բանուորներուն վարձով բնակարան տրամադրող տանտէրերէն իրենց բնակարաններուն վարձակալութեան համաձայնագիրները արձանագրել քաղաքապետութեան մօտ, որպէսզի քաղաքապետութիւնը իրազեկ դառնայ տիրող կացութեան, որովհետեւ ան բազմաթիւ բողոքներ ստացած է այդ իմաստով:
՜՜Մենք ոչ ոք վտարած ենք Պուրճ Համուտէն, պարզապէս պահանջած ենք օրինաւոր կերպով արձանագրել վարձակալութեան համաձայնագիրները՝՝, նշեց Բագրատունի, շեշտելով՝ որ Պուրճ Համուտի մէջ ապօրինի փաստաթուղթեր կրող բանուորներուն ձերբակալումը կուսակցութիւնը չէ որ կը կատարէ, այլ` երկրին բանակն ու ներքին ապահովութեան ուժերը:
Պուրճ Համուտի մէջ դաշունահարուած է հայ երիտասարդ մը, հալածուած են հայ երիտասարդուհիներ, որոնք կիրակի առաւօտեան եկեղեցի կ՛երթային, պէտք է գիտնալ թէ որոնք են այս անօրէնութիւնները կատարողները, ըսաւ երեսփոխան Բագրատունի, եւ ապա դրուատեց ընդհանուր ապահովութեան դերակատարութիւնը` երկրին ապահովական կայունութիւնը եւ քաղաքացիական անվտանգութիւնը պահպանելու իմաստով:
Համամասնական դրութեան հիման վրայ մշակուած ընտրական օրէնքի նախագիծին ակնարկելով` Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ հարկ է մշակել այնպիսի օրէնք մը, որ երաշխաւորէ Լիբանանի բազմազանութիւնը, ազգային համերաշխութիւնը եւ միասնականութիւնը:








All the contents on this site are copyrighted ©.