2011-11-05 13:09:17

Զէյթունի Աւետարանին Էջերը Պահելու «Կեթթի» Թանգարանի Առաջին Փորձը Կը Ձախողի։


Լոս Անճելըսի Գերագոյն Ատեանի դատաւորներէն Էպրեհեմ Խան Նոյեմբեր 3ին մերժած է ընթացք տալ «Կեթթի»ո անուան ծանօթ թանգարանի այն դիմումին, որուն նպատակն էր կասեցնել մօտաւորապէս 755 ամեայ Զէյթունի Աւետարանին էջերը իրենց իրաւատիրոջ վերադարձնելու դատը:
(Այս մասին կը կարդանք «Լոս Անճելըս Թայմզ»ի Մայք Պոեմի ստորագրութիւնը կրող գրութեան մէջ)։
Մայք Պոեմ կը նշէ, թէ դատաւորը առիթ տուաւ կողմերուն, որ յառաջիկայ ամիսներուն բանակցութիւնները շարունակեն Թորոս Ռոսլինի կողմէ գեղանկարուած այս էջերուն ճակատագիրին շուրջ: Համաձայնութիւն չգոյանալու պարագային, կողմերը դատարան հրաւիրուած են յառաջիկայ տարուան Մարտ 2ին:
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Թեմին կողմէ «Կեթթի»ի դէմ դատը բացուած է հայկական մանրանկարչութեան լաւագոյն նմոյշներէն նկատուող էջերուն վերատիրանալու համար, այդ նպատակով, որ զանոնք վերադարձնեն Երեւանի Մատենադարան, ուր կը գտնուի Աւետարանը:
Նշեալ էջերը Հայկական Ցեղասպանութեան օրերուն՝ 1916ին, գողցուած էին եւ 1994ին թանգարանին ծախուած՝ 950,000 տոլարով:








All the contents on this site are copyrighted ©.