2011-11-05 13:08:56

Եգիպտոսի Կաթողիկէ Հայոց Առաջնորդ՝ Արհի. Գրիգոր Օգոստինոս Եպս. Գուսան Պատուիրակութեամբ Մը Այցելեց Եգիպտոսի Հանրապետութեան Միւֆթին-Գահիրէ։


Հինգշաբթի, 3 նոյեմբեր 2011, Աղեքսանդրիոյ հայ կաթողիկէ թեմի առաջնորդ արհի. Գրիգոր Օգոստինոս եպս. Գուսան, պատուիրակութեամբ մը այցելեց Եգիպտոսի հանրապետութեան միւֆթի՝ տոքթոր Ալի Ճումաան, որուն հետ քննարկեց երկրի վերջին իրադարձութիւնները։
Հանդիպման ընթացքին, հոգեւոր պետերը շեշտեցին Եգիպտոսի ազգային միասնականութեան վրայ, ամրապնդելով իսլամ-քրիստոնեայ սերտ կապերը ի սպաս երկրի կայունութեան ու զարգացման։ Հայ կաթողիկէ պատուիրակութիւնը միւֆթիին շնորհաւորեց Ատհա տօնին առթիւ, մաղթելով խաղաղութիւն ու բարգաւաճում Եգիպտոսի ժողովուրդին։







All the contents on this site are copyrighted ©.