2011-11-05 13:08:46

Գաբրիէլ եւ Միքայէլ Հրեշտակապետերու Տօնը։


Շաբաթ 5 Նոյեմբեր 2011,՝ Հայ Տօնացոյցի համաձայն տօնն է Գաբրիէլ եւ Միքայէլ հրեշտակապետներու եւ երկնային զօրքերուն։ Ըստ եկեղեցւոյ սուրբ հայրերուն` հրեշտակները, իբրև լուսեղէն էակներ, ստեղծուած են արարչագործութեան առաջին օրը` լոյսի հետ միասին: Աստուծոյ հրահանգով անոնք կանչուած են սպասաւորելու մարդ արարածին: Հետևաբար անոնք սպասաւոր հոգիներ են, որոնք երկնաբնակ ըլլալով հանդերձ, իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն նաեւ երկրաւոր կեանքի ընթացքին, գործելով ժամանակի և տարածքի մէջ ապրող մարդու հետ ու մարդու համար: Հրեշտակները անուանուած են նաեւ՝ Աստուծոյ պատգամաւորներ, որոնք կ՛իրականացնեն Տիրոջ կամքը: Ս. Գիրքը կը վկայէ որ անոնք բազմաքանակ են: Ըստ ս. Դիոնիսիոս Արիսպագացիի` հրեշտակները ունին ինը դաս` ՜՜Աթոռներ, Քերովբէներ, Սերովբէներ, Տէրութիւններ, Զօրութիւններ, Իշխանութիւններ, Պետութիւններ, Հրեշտակապետեր և Հրեշտակներ:
Գաբրիէլ հրեշտակապետին, որուն անունը կը նշանակէ ՜՜ՙԱստուծոյ այր՝՝, վերապահուած է Տիրոջ վերին խորհուրդները աւետարանելու շնորհքը: Իսկ Միքայէլ հրեշտակապետին, որուն անունը կը նշանակէ ՜՜ Աստուծոյ նմանը՝՝ Երկնաւոր հօր փառքի համար մարտնչողն է:
Հրեշտակապետերու անունները.
Գաբրիէլ – Աստուծոյ պատկեր, Աստուծոյ այր,
Միքայէլ – Աստուծոյ նման, Աստուծոյ հզօր
Ռաֆայէլ – Աստուծոյ բժշկութիւն
Անայէլ – Աստուծոյ լրում
Ուրիէլ – Աստուծոյ տեսում
Դակուէլ – Ինքն աստուածային
Բարաքիէլ – Աստուածային սկիզբ
Ադոնիէլ – իմ տէրը Աստուած է
Փանուէլ – Աստուծոյ յայտնութիւն
Հրեշտակապետեր են նաեւ՝ Երեմիէլ եւ Սաղաթիէլ։








All the contents on this site are copyrighted ©.