2011-11-04 12:22:24

Իրլանտայի Կառավարութիւնը Կը Փակէ Սուրբ Աթոռի Մօտ Իր Դեսպանատունը։


Իրլանտայի կառավարութիւնը` տնտեսական տաքնապի պատճառաւ որոշած է փակել Սուրբ Աթոռի մօտ իր դեսպանատունը։
Սուրբ Աթոռի բանբեր Հայր ֆետերիքօ Լոմպարտին այս լուրի առնչութեամբ յատարարած է թէ <<ամէն երկիր որ Սուրբ Աթոռի հետ ունի դիւանագիտական յարաբերութիւններ կարելիութիւնը ունի, ամենայն ազատութեամբ, դեսպանատուն հաստատելու Սուրբ Աթոռի մօտ կամ ուրիշ երկրի մէջ գտնուող Իրլանտացի դեսպանի մը յանձնելու սոյն պաշտօնը։ Ինչ որ կարեւոր է - ըսած է հայր Լոմպարտին - որ Սուրբ Աթոռի ու Իրլանտայի միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւնները կը շարունակուին>>։ Նշենք որ Իրլանտայի ու Սուրբ Աթոռի միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւնները հաստատուած են 1929 Վատիկանի Պետութեան ծնունդով։








All the contents on this site are copyrighted ©.