2011-11-04 12:17:50

Աղեքսանդրիոյ Կաթողիկէ Ղպտիներու Պատրիարք՝ Կարտինալ Անթոնիոս Նակիպը հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտարարած է որ հակառակ իսլամական ծայրայեղութիւններու աճումին, քրիտոնեաները պիտի չթողուն իրենց երկիրը։


Անցեալ 30 հոկտեմբերին Աբիք լրատու գործակալութեան հետ ունեցած հարցազրոյցի ընթացքին, Աղեքսանդրիոյ Կաթողիկէ Ղպտիներու Պատրիարքը՝ Կարտինալ Անթոնիոս Նակիպ յատարարած է որ հակառակ իսլամական ծայրայեղներու աճումին քրիտոնեաները պիտի չթողուն իրենց երկիրը։ Ան մատնանշած է նաեւ եղբայրական կապերուն մասին, որ տարիներէ ի վեր հաստատուած են որոշ մահմետական կազմակերպութիւններու եւ անձնաւորութիւններու հետ ինչպէս Ալ Ազհարի Իմամ Ահմէտ Էլ Թայէպի հետ։ Թէեւ Ալ Ազհարը անցեալ յունուարէն ի վեր ընդհատած է իր յարաբերութիւնները Սուրբ Աթոռի հետ, սակայն տեղական գետնի վրայ յարաբերութիւնները կը շարունակուին։
Ղպտիներու Պատրիարքը ապա նշել տուած է որ անցեալ հոկտեմբերի ղպտիներու հէմ գործադրուած ահաբեկչական արարքէն ետք որ պատճառած էր 30 մեռեալ ու 329 վիրաւոր, Ալ Ազհարի պատասխանատուները յայտարարութիւն մը հրապարակած են քննադատելով եւ դատապարտելով ոճրագործները ու անոց գործադրած ոճիրները։ Սակայն` ըսած է Նակիպ Պատրիարքը, յառաջիկայ 28 նոյեմբերի ընտրութիւններու նախօրեակին ականատես ենք նաեւ յեղաշրջումներու եւ փոփոխութիւններու, քանի որ մահմետականները միտք ունին դարձեալ բանեցնելու Շարիայի օրէնսդրութիւնը, որ գոյութիւն ունէր արդէն 1971-ի՝ նախագահ Անուար էլ Սատադի նոր օրէնսդրութենէ առաջ ։Հուսկ Ղպտիներու պատրիարքը խօսած է Անուար Էլ Սատադի խաղաղութեան ի սպաս գործունէութեան մասին, բայց նաեւ Իսլամ եղբայրներու հանդէպ անոր ունեցած ճկուն վարուելակերպի մասին։
Կարտինալ Անթոնիոս Նակիպը ապա հաստատած է որ եկեղեցին կը շարունակէ յարգանք ու համակեցութիւն քարոզել, ու յայտարարած որ՝ հակառակ իսլամական ծայրայեղներու աճումին, քրիտոնեաները պիտի չթողուն իրենց երկիրը։








All the contents on this site are copyrighted ©.