2011-11-03 12:53:42

Պոլսոյ “Ակօս” Շաբաթաթերթը ու “Ժամանակ” Օրաթերթը Հրաւիրուած են Մասնակցելու՝ Թուրքիոյ Նոր Սահմանադրութեան Ստեղծման Աշխատանքներուն ։


Թուրքիոյ Ազգային մեծ Ժողովի նախագահ Ճեմիլ Չիչէքը Թուրքիոյ Նոր Սահմանադրութեան ստեղծման աշխատանքներուն հրաւիրած է նաեւ երկրի ազգային փոքրամասնութիւններուն պատկանող չորս թերթերու ներկայացուցիչները:
Ըստ թրքական “Անատոլու” լրատու գործակալութեան՝ Չիչէք նոր Սահմանադրութեան ստեղծման առնչութեամբ Պոլսոյ մէջ կայանալիք ժողովին հրաւիրած է լրատուական հինգ գործակալութիւններու, 29 թերթերու եւ 25 հեռուստակայաններու ներկայացուցիչներ:
Հրաւիրուածներուն մէջ են Պոլսոյ մէջ լոյս տեսնող հայկական “Ակօս”շաբաթաթերթը (հիմնուած Հրանդ Տինքի կողմէ) եւ “Ժամանակ”ը Պոլսոյ պատմական հայերէն օրաթերթը, ինչպէս նաեւ յունական “Ապոեւմաթինի” եւ հրէական “Շալոմ” թերթերու ներկայացուցիչները:








All the contents on this site are copyrighted ©.