2011-11-03 12:50:06

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին Գործունէութիւնը
Սրբազան Քահանայապետը նախագահեց Հոգեհանգստեան Սուրբ Պատարագը նուիրուած 2011 տարուայ ընթացքին ննջեցեալ Կարտինալներուն եւ Եպիսկոպոսներուն։


Հինգշաբթի 3 նոյեմբեր 2011, առաւօտեան ժամը 11.30-ին, Վատիկանի Սուրբ Պետրոսի Մայր Տաճարին մէջ Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը գլխաւորեց հոգեհանգստեան Սուրբ Պատարագը նուիրուած՝ 2011 տարուայ ընթացքին իրենց մահկանացուն կնքած Կարտինալներուն եւ Եպիսկոպոսներուն։
Նորին Սրբութիւնը սուրբ զոհի ընթացքին արտասանած իր քարոզին մէջ, նախ նշեց ննջեցեալներու անունները` հայցելով անոնց վրայ Աստուծոյ ողորմութիւնը ու ապա անդրադարձաւ օրուան սուրբ գրային ընթերցումներուն, խորհրդածելով՝ Ովսեայ մարգարէէն քաղուած հատուածի վրայ ուր կը խօսուի Յիսուսի Յարութեան մասին որ քրիստոնեաներուն համար իսկական յոյս է։ Աստուծոյ միջամտութիւնը մարդկային պատմութեան մէջ պտուղն է շնորհքի ու հաւատարմութեան ։ Նոր ու յաւիտենական կեանքը Խաչի պտուղն է։
Վասն Քրիստոսի ու Սուրբ Երրորդութեան ծրագրին, մանանեխի հատիկի առակը կեանք կ՛առնէ ու կը դառնայ իրականութիւն։
<< Հա`յր, հոն ուր ես եմ, կ՛ուզեմ որ հետս ըլլան նաեւ անոնք զորս դուն տուիր ինծի>> (Յովհ 17,24) Այս դասին մէջ ներկայ են նաեւ մեր սիրեցեալ ննջեցեալ եղբայրները որոնք <<ճանչցան զԱստուած Յիսուսի միջոցաւ` ճանչցան անոր Անունը եւ սէրը Հօր, Որդւոյն եւ Սուրբ Հոգւոյն։ Փառք տանք Տիրոջ այս պարգեւին համար ու Սուրբ Կոյսի Մարիամի բարեխօսութեամբ՝ աղօթենք որպէսզի հաղորդութեան այս պարգեւը լիութեամբ իրագործուի։








All the contents on this site are copyrighted ©.