2011-11-03 12:53:51

Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեան Ընդունեց Եւրոպական Խորհրդարանի Պատուիրակութեան Անդամները ։


Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ ընդունեց Եւրոպական խորհրդարանի պատուիրակութեան անդամները` պատուիրակութեան ղեկավար, Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն խորհրդարանական համագործակցութեան յանձնախումբի համանախագահ Միլան Ցապրնոխի գլխաւորութեամբ:
Նախագահ Սարգսեան կարեւոր նկատեց Եւրոպական խորհրդարանի ներկայացուցչական պատուիրակութեան Հայաստան այցելութիւնը եւ յոյս յայտնեց, որ ատիկա լաւ կարելիութիւն կը ստեղծէ ծանօթանալու Հայաստանի եւ շրջանային խնդիրներուն, մարտահրաւէրներուն եւ զարգացումներուն` նպաստելով Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն յարաբերութիւններու ամրապնդման:
Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն համագործակցութեան, միջխորհրդարանական կապերու ամրապնդման, ինչպէս նաեւ Հայաստանի ներքաղաքական հոլովոյթներուն, արտաքին քաղաքականութեան եւ շրջանային խնդիրներուն վերաբերող հարցեր:








All the contents on this site are copyrighted ©.