2011-11-03 12:53:32

Աշխարհի Ամենահարուստ Հայը 18 Միլիոն Տոլար Նուիրած է Անտրէ Աղասիի Թենիսի Դպրոցին.


Աշխարհի ամենահարուստ հայը, ամերիկահայ միլիառատէր Քըրք Քըրքորեան 18 միլիոն տոլար նուիրած է Լաս Վեկասի մէջ գտնուող հայ աշխարհահռչակ թենիսիտ Անտրէ Աղասիի հիմնած նախապատրաստական ակադեմիային: Սա խոշորագոյն նուիրատւութիւնն է Աղասիի Կրթութեան հիմնադրամի 16ամեայ պատմութեան մէջ(կը հաղորդէ Education Week-ը): Այս տարիներու ընթացքին Աղասիի բարեգործական հիմնադրամը 150 միլիոն տոլարի նուիրատուութիւն ստացած է:
Քըրք Քըրքորեան Աղասիի ընտանիքի հին բարեկամ է,եւ շատ ջերմ յարաբերութիւններ ունի Անտրէ Աղասիի հետ, որու միաժամանակ կնքահայրն է ան:








All the contents on this site are copyrighted ©.