2011-11-02 13:03:36

Վատիկանեան Տեղեկութիւններ


Փղոսկրեայ Ափի եւ Դաշնակցային Գերմանիոյ Սուրբ Աթոռի մօտ նոր դեսպաններու հաւատարմագրերու ներկայացում։
Յառաջիկայ 4 նոյեմբերին Փղոսկրեայ Ափի Սուրբ Աթոռի նոր անուանուած դեսպան Տիար Ժոզէֆ Թէպահ-Գլա Սրբազան Քահանայապետին կը ներկայացնէ իր հաւատարմագրերը յաջորդելով Տիար Պէնժամէն Գոնան Գուամէի։ Թէպահ-Գլա դեսպանը մինչեւ օրս կը վարեր Փղոսկրեայ Ափի Արտգործ նախրարի խորհրդատուի պաշտօն։ Իսկ նոյեմբեր 7ին Դաշնակցային Գերմանիոյ նոր դեսպան Տիար Րէյնարտ Շութբ կը ներկայացբէ իր հաւատարմագրերը յաջորդելով Վալդէր Շմիտի։

Միջկրօնական Քահանայապետական Խորհուրդի Նախագահին Այցը Հնդկաստան։
Կարտինալ Ժան Լուի Թոռան` նախագահը միջկրօնական քահանայապետական խորհուրդին 4-12 նոյեմբեր պաշտօնական այցելութիւն կը կատարէ Հնդկաստան, ընկերակցութեամբ՝ խորհուրդի քարտուղար գերապայծառ Փիեռ Չելաթիի։

Գանատայի Եպիսկոպոսական Դասի Պատուիրակութեան Այցելութիւնը Հռոմի Եկեղեցւոյ։
Գլխաւորութեամբ՝ Գանատայի եպիսկոպոսական դասի գահերեց` գերապայծառ Ռիչարտ Սմիթի, 3-18 նոյեմբեր Գանատայի եպիսկոպոսական դասի մէկ պատուիրակութիւնը տարեկան իր այցելութիւնը կը կատարէ Հռոմի եկեղեցւոյ զանազան մարմիններուն։ Այցելութեան նպատակն է գաղափարներու փոխանակում Գանատական եկեղեցին յուզող զանազան հարցերու մասին` եկեղեցական թէ միջազգային գետնի վրայ։








All the contents on this site are copyrighted ©.