2011-11-02 13:02:29

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին Գործունէութիւնը։


Չորեքշաբթի 2 նոյեմբեր 2011, օր մեռելոց է ըստ լատին եկեղեցւոյ . Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը առաւօտուն ընդհանուր ունկնդրութիւն շնորհեց հազարաւոր հաւատացեալներուն եւ ուխտաւորներուն։ Իսկ յետմիջօրէին՝ ժամը 18-ին՝ Սրբազան Հայրը Ս. Պետրոսի գետնադամբանին մէջ պահ մը աղօթք մը կատարեց հանգուցեալ քահանայապետներուն հոգիներուն համար։
Հինգշաբթի 3 նոյեմբերին Նորին Սրբութիւնը հոգեհանգստեան պատարագ կը մատուցէ Ս. Պետրոս տաճարին մէջ 2011-ին վախճանած՝ կարտինալներուն ու եպիսկոպոսներուն համար։
Նախապէս, մէկ նոյեմբերին` ամենայն սրբոց տօնին օրը, Նորին Սրբութիւնը կէսօրին իր գրասենեակի պատշգամէն Հրեշտակ Տեառն մարմեան աղօթքը արտասանախց Ս. Պետրոս հրապարակը խռնուած հաւատացեալներու մասնակցութեամբ, եւ որուն ընթացքին հրաւիրեց հաւատացեալները որ չնային Եկեղեցւոյ իր ժամանակաւոր ու մարդկային երեւոյթով, այլ զայն նկատել որպէս ''սուրբերու հաղորդութիւն''։ Ապա խօսելով 2 նոյեմբերի խորհուրդի մասին ''ննջեցելոց օր'', մաղթեց որ արցունքները չգերազանցեն Յարութեան վստահութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.