2011-11-02 13:06:21

Պաղտատի Մէջ Հոգեհանգստեան Համապատարագ, 2010-ին՝ Ասորի Եկեղեցւոյ Մէջ, 50 Հաւատացեալներու Սպաննութեան Առաջին Տարեդարձին Առթիւ։


Մէկ տարի առաջ 31 հոկտեմբեր 2010ին, Իրաքի մայրաքաղաքին մէջ, Ասորի կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ մահմետական ահաբեկիչներու կողմէ սպաննուեցան 50 հաւատացեալներ, որոնցմէ երկուքը երիտասարդ քահանաներ էին, ։ Անոնց նահատակութեան առաջին տարեդարձին առթիւ Գաղտիոյ, Ասորի եւ Մարոնի եկեղեցիներու պատրիարքները, Պաղտատի աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ, հոգեհանգստեան համապատագ մատուցած են։ Յայտնենք որ Հռոմի մէջ եւս հոգեհանգստեան պատարագ մատուցուեցաւ մասնակցութեամբ Արեւելեան եկեղեցիներու կառավարիչ կարտինալ Սանտրիի եւ վաստակաւոր կարտինալ Մուսա Տաուտի։ Նշենք նաեւ որ Իրաքի քրիստոնեաները տակաւին թիրախ են մոլեռանդ մահմետականներուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.