2011-11-02 12:41:51

ԷՋ ՄԸ ՀԱՅ ԳՐԱԿԱՆՈՒԹԵՆԷՆ։
Մատթէոս Մամուրեան (1830-1901).
Հայկական հրապարակագրութեան լուսամիտ դէմքը
։


Խոր մտաւորական, մանկավարժ, գրող, հանրային գործիչ, թարգմանիչ եւ, ամէն բանէ առաջ եւ վեր, տաղանդաւոր հրապարակագիր մը եղաւ Մատթէոս Մամուրեան, որ յատկապէս 1871ին իր հիմնած եւ ամբողջ երեսուն տարի խմբագրած թերթով՝ «Արեւելեան Մամուլ»ով, իրաւամբ հանդիսացաւ 19րդ դարավերջի հայ ազգային-քաղաքական մտքի մեծարժէք մշակներուն եւ գաղափարի սերմնացաններուն ամէնէն արժանաւորներէն մէկը։
Ծնած էր Զմիռնիա, 1830ին, ուսումը ստացած էր Փարիզի Մուրատեան վարժարանին մէջ, ուր իր դրսեւորած արժանիքներուն եւ ձեռքբերած փայլուն արդիւնքներուն համար արժանացած էր բարձրագոյն մրցանակի, որ իրեն յանձնուեցաւ Լամարթինի ձեռամբ եւ որ կը վկայէր Մամուրեանի «միշտ բարեբարոյ, խոհական, ուշիմ, ճարտար եւ յամենայնի յառաջադէմ» ըլլալուն մասին։
Ունեցաւ ազգային եւ հանրային ծաւալուն գործունէութիւն, ուսուցիչի եւ կրթական տեսուչի պաշտօններ վարեց իր ծննդավայր Զմիռնիայի եւ Պոլսոյ մէջ, տարիներով դիւանապետը եղաւ Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքարանին, ուսումը կատարելագործելու համար 1857-1860 ապրեցաւ Լոնտոն (ուր գրեց իր նշանաւոր «Անգլիական նամականի» յօդուածներու շարքը), եւ թէ Հայոց Ազգային Սահմանադրութեան մշակման եւ որդեգրման համար անխոնջ պայքար մղողներէն եղաւ։ Բայց ո՛ւր որ գտնուեցաւ եւ ի՛նչ աշխատանք որ ստանձնեց՝ Մ. Մամուրեան հրապարակագրի իր գրիչը միշտ կենսունակ եւ բեղուն պահեց, մինչեւ որ «Արեւելեան Մամուլ»ի հիմնումով գտաւ իր հոգեհարազատ բեմը։

Իր թերթի (սկզբնապէս՝ ամսաթերթ, ապա՝ կիսամսեայ, իսկ իր մահէն ետք նաեւ շաբաթաթերթ ու օրաթերթ) էջերուն ցրուած «Հայկական նամականի» վերտառութեամբ եւ Վրոյր ստորագրուած քրոնիկներու շարքով՝ Մ. Մամուրեան ոչ միայն հրապարակագրական այդ ոճին դրօշակիրը հանդիսացաւ հայ մամուլին մէջ, այլեւ՝ լուսարձակի տակ առաւ իր ժամանակի դէմքերն ու զարգացումները, գաղափարական հարցերն ու հասարակական դժուարութիւնները, հետագայ սերունդներուն ժառանգ ձգելով այդ ժամանակաշրջանի համաշխարհային եւ հայ իրականութեան զարգացումները քննականօրէն արտացոլող ընդգրկուն հայելի մը։
Արգասաբեր եղաւ Մամուրեանի գրիչը գրական¬գեղարուեստական եւ թարգմանչական գործերու արտադրութեան առումով։

Գեղարուեստական արժէքէ աւելի հրապարակագրական արժանիք ունեցաւ հայ գրականութեան ժառանգ մնացած Մամուրեանի «Սեւ լեռին մարդը» անունով միակ վէպը, որ Ներսէս Աշտարակեցի Կաթողիկոսի ժամանակաշրջանի ազգային-ազատագրական խմորումներուն նուիրուած է եւ Ռուսաս- տանի կապուած հայ ժողովուրդի յոյսերն ու հեռանկարները հայրենասիրական շունչով կ՝անմահացնէ։ Մատթէոս Մամուրեան մեզմէ բաժնուեցաւ 1901 թուականին։








All the contents on this site are copyrighted ©.