2011-11-01 09:15:52

Հայաստանի Օժանդակութեան Սաւառնակը 40 Թոն Օգնութիւն Տարաւ՝ Թուրքիոյ Աղէտեալներուն։


Վանի աղէտեալներուն համար 28 հոկտեմբերի յետ միջօրէին Հայաստանի Շտապօգնութեան Նախարարութեան Պաշտօնակատար Գագիկ Կոստանեանի նախագահութեամբ Թուրքիոյ Էրզուրում քաղաքը վայրէջք կատարեց 40 թոն ծանրութեամբ օժանդակութիւն բերող Հայաստանի Իլ-76 Սաւառնակը։
Հայաստանի օժանդակութիւնը կը բաղկանայ սա նիւթերէն . 111 վրաններ,36 ուռեցնելու դրութեամբ գործածուող անկողիններ, 6 հազար անկողնի ծածկոյթներ եւ 4 հազար 345 վերմակներ։
Թուրքիոյ հայերը,մասնաւորապէս Պոլսահայերն ալ իրենց կարգին Պոլսոյ Պատրիարքական Փոխանորդ Արամ Սրբազանի հրահանգով սկսած են նուիրահաքումներու՝ Վանի աղէտեալներուն համար։ Միւս կողմէ կը դադրին այլեւս կատարուած փրկարարական աշխատաքները եւ վերջին տուեալներով երկրաշարժի զոհերու թիւը հասած է 601-ի։
Իսկ Պոլսահայ ծանօթ երաժիշտներ Արթօ Թունչպոյաճեան եւ Արա Տինկճեան Նոյեմբեր 13-ին Նիւ Եորքի մէջ պիտի կազմակերպեն բարեգործական համերգ մը։ Այս մասին գրած է թրքական ՝՝ Թարաֆ՝՝ օրաթերթը ։ Համերգը որուն ամբողջ հասոյթը պիտի ուղղարկուի Վանի մէջ տեղի ունեցած երկրաշարժէն տուժողներուն, պիտի կազմակերպուի ՝՝ Թուրք Եղբայրներ՝՝ կոչուած խումբին հետ միասին։








All the contents on this site are copyrighted ©.